Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյանութիւն. Առաջին 10-ին Մէջ Ներկայ Չեղան Հայրենի Խաղացողները
Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) աւարտած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած 116 ճատրակ խաղացողներուն կարգին էին Հայաստանէն` Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Շուշաննա Սարգսեան:
Դժբախտաբար սակայն, արձանագրած ըլլալով միջակէն քիչ մը բարձր արդիւնքներ, անոնք առաջին տասին մէջ չկրցան դիրք մը ապահովել:
Ամէնէն բարձր դիրքը (14-րդ) գրաւեց Էլինա Դանէլեան (7,5 կէտ), ապա յաջորդաբար` Մկրտչեան (7 կէտ, 16-րդ), Քուրսովա (6,5 կէտ, 34-րդ), Կալոյեան (5,5 կէտ, 57-րդ) եւ Սարգսեան (5 կէտ, 82-րդ):
Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` տիտղոսին տիրացաւ Վալենթինա Կունինա: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուցին Թաթիանա Քոսինցեւա (8,5 կէտ) եւ Սալոմէ Մելիա (8 կէտ):
CATEGORIES Մարզական

