Անդրանիկ Թէյմուրեանն Ու Հրայր Մկոյեանը Դարձան Խմբակիցներ
Totalfootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ իրանեան Իսթիղլալի պաշտօնական կայքը տեղեկացուցած է, թէ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգած է 2 տարիով:
Այսպիսով, 31 տարեկան Թէյմուրեան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեանը, որ նախորդ յունիսին միացաւ Իսթիղլալի եւ երկու տարուան համաձայնագիր մը կնքեց անոր հետ:
Նշենք, որ Մկոյեան Իսթիղլալի կատարած ֆութպոլի բարեկամական վերջին երկու մրցումներուն մասնակցեցաւ:
CATEGORIES Մարզական

