Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աշխատանքի վայրին մէջ մթնոլորտը ծանր եւ շիկացած պիտի ըլլայ, բայց նոյն ատեն կարելի պիտի ըլլայ համբերութեամբ մեղմել կացութիւնը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք նախաձեռնութիւններ: Պիտի կարենաք յարմար ձեւով իրագործել ձեր ծրագիրը եւ օրը աւարտել գոհունակութեամբ: Շարունակեցէք նոյն թափով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վստահեցէք ձեր ներքին ձայնին, ձեր զգացողութեան եւ պիտի զգաք թեթեւ ու հանգիստ: Ուրիշներուն տեսակէտները կարեւոր մի՛ նկատէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պատրաստ էք փորձելու եւ կատարելու ուրիշներուն չըրածը: Պիտի նկատուիք ինքնատիպ անձ մը, եզակի արարքով ուշադրութիւն գրաւող:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կատարէք լաւ աշխատանք, օրինակելի պիտի ըլլաք ձեր շուրջիններուն` գործնական թէ բարոյական իմաստներով: Ունիք նիւթական շահեր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երազելն ալ ունի իր օգուտը, որովհետեւ ձեզ դուրս կը բերէ առօրեային միօրինակութենէն: Այսօր այս զգացումով պիտի ապրիք ձեր օրը: Գոհ կը մնաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւատեսութիւնը պիտի տիրէ ձեր հոգեկան աշխարհին: Պիտի կարենաք բնական տրամադրութեամբ որոշել ձեր ընելիքը, մշակել նոր ծրագիր մը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը նպաստաւոր է եւ ներշնչող, հաշտ եւ սիրով ապրելու ձեր շրջանակին եւ դուք ձեզի հետ մասնաւորաբար: Այս իրողութիւնը օգտակար նկատեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խոհանոցով զբաղիլը կրնայ ձեզ դուրս բերել միօրինակութենէ: Պիտի կարենաք հոգեկան գոհունակութիւն զգալ, երբ կը մտածէք համեղ ճաշերու մասին, անոնց բոյրն ու համը պիտի երջանկացնեն ձեզ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրուան ձեր գործունէութիւնը փոխադրեցէք ձեր տունէն կամ աշխատավայրէն դուրս, բաց երկինքին տակ, մաքուր օդով: Կրնաք հոս ալ ստեղծագործել:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարիքը ունիք փոխուելու, դուրս գալու ձեր միապաղաղ աշխատանքէն: Պիտի կարենաք նոյն ձեւով, ձեր խանդավառութեամբ նոր որոշում տալ: Ըրէ՛ք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կը փափաքիք ունենալ յաւելեալ բարձր ուսում: Բարձրագոյն վկայականը անհրաժեշտութիւն կրնայ ըլլալ ձեզի եւ օգնել ձեր ապագային:

Share this Article
CATEGORIES