Արտագաղթի Կասեցման Ծրագիրը Քննարկումներու Հանգրուան Պիտի Անցնի

artagaght-bannerՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ մշակուած Հայաստանէն արտագաղթի կասեցման ծրագիրը տակաւին քննարկումներու հանգրուան պիտի անցնի, եւ պիտի քննարկուի նաեւ քառեակի ծիրին մէջ. այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ՀՅԴ պատգամաւոր, ծրագիրի ղեկավար Արծուիկ Մինասեան` պնդելով, թէ ծրագիրը չէ մոռցուած:

«Մենք ներկայացուցած ենք, հիմա նորէն քննարկումներ կ՛իրականացնենք եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկային անիկա նորէն օրակարգային հարց պիտի դառնայ, որովհետեւ ուժի մը, քաղաքական միաւորման խնդիր մը չէ ասիկա: Քանի տակաւին չէ գիտակցուած, որ այսպիսի համապարփակ ծրագիր պէտք է մշակել եւ իրագործել, կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ», ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան նշեց, թէ այնպէս չէ, որ այդ ծրագիրը ՀՅԴ-ն յայտարարեց եւ ըսաւ, որ միայն իրենք են աշխատողը: «Յատուկ կ՛ըսենք, որ այդ ծրագիրը կրնայ արդիւնք տալ, եթէ բոլորը մասնակցին: Եթէ միայն իշխանութիւնն է` չի կրնար, եթէ միայն ընդդիմութիւնն է, նորէն չի կրնար, առաւել եւս ընդդիմութեան որեւէ առանձին միաւոր չի կրնար ատիկա ընել», ըսաւ ան: Աւելի՛ն` ըստ անոր, հասարակութեան բոլոր խաւերը պէտք է մասնակցին, ինչ որ ծրագիրի էութիւնն է:

«Քանի տակաւին այդ գիտակցութիւնը բոլորը չունին, մենք կ՛աշխատինք, որ ատիկա ամրապնդուի, որ անհրաժեշտ է համապարփակ, միասնական, ամբողջական ծրագիր եւ գործողութիւններու ծրագիր», ըսաւ ան:

Իսկ թէ ինչու քառեակի ծիրին մէջ հարցը չեն բարձրացներ` Մինասեան պատասխանեց. «Իսկ ո՞վ ըսաւ, քննարկումները կ՛ընթանան, երբ ես կ՛ըսեմ խօսակցութիւնները կ՛ընթանան, ճիշդ անոր մասին է խօսքը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES