Պրիւքսէլի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Պիտի Ունենայ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ
21 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լիոնի մէջ ներկայ պիտի գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման արարողութեան:
22 յուլիսին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:
Պրիւքսէլի մէջ նախարար Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
CATEGORIES Հայկական

