Ֆրանսական Ֆութպոլ. Լանսի «Լիկ-1» Վերադարձը Տեղի Չունեցաւ
Ֆրանսայի ֆութպոլի արհեստավարժ լիկայի պատասխանատուները, արգելակեցին Լանս ակումբին վերադարձը «Լիկ-1», որովհետեւ ակումբին պիւտճէն չի համապատասխաներ օրինաւոր չափանիշներուն:
Ֆրանսական ակումբը բողոքեց այդ որոշումին դէմ, սակայն այդ բողոքը մերժուեցաւ:
Այսպիսով, Լանսը պիտի շարունակէ հանդէս գալ «Լիկ-2»-ի ախոյեանութեան մէջ, իսկ անոր տեղը բարձրագոյն խումբին մաս պիտի կազմէ Սոշոն:
ArmSport.am-ը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Լանսը կը պատկանի ազրպէյճանցի գործարար Հաֆիզ Մամատովին:
CATEGORIES Մարզական

