Ֆրանսացիները Ազրպէյճանի Համար Հետախուզական Արբանեակ Արձակած Են

07-23-satՖրանսական «Airbus and Espace» ընկերութիւնը յունիս 30-ին «Ազերգոսմոս»-ի ազերպէյճանական հետախուզական արբանեակ արձակած է երկրի ուղեծիր: Այս մասին կը յայտնէր, յուլիս 3-ին, Ազրպէյճանի հաղորդակցութեան եւ բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու նախարար Ալի Ապասով:

Ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան,  Ապասով ըսած է, որ «SPOT-7» արբանեակը նախատեսուած է երկրին մակերեւոյթը զննելու համար, եւ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան արբանեակը «Ազերքոսմոս»-ին վերահսկողութեան յանձնելու համար: Այս առիթով ըսուած է, որ արբանեակին շնորհիւ` կարելի կը դառնայ երկրի մակերեւոյթէն բարձր որակի պատկերներ ստանալ անմիջապէս` ժամանակի իրական դրութեամբ: Արբանեակը կրնայ անխափան աշխատիլ առնուազն 10 տարի:

Share this Article
CATEGORIES