Քաշաթաղի Մէջ Ականի Պայթումէն Մարդ Մը Մահացած Է, Երեքը` Վիրաւորուած
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Վաղազին գիւղին մէջ «Թոյոթա Փրատօ» տիպի պետական թիւով ինքնաշարժը պայթեցաւ ականապատուած տարածքի մը մէջ, հաղորդեց Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը:
Քաշաթաղի շրջանի փրկարար բաժինի պետ Քերոբ Մովսիսեան հաղորդեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 6:30-ին: Ինքնաշարժի չորս ուղեւորներէն մէկը տեղւոյն վրայ մահացած է, երեքը ուղղաթիռով տեղափոխուած են Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն:
Ըստ Մովսիսեանի, ուղեւորները ստացած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ, մէկուն վիճակը համեմատաբար ծանր է, սակայն, ըստ նախնական տուեալներու, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Հայաստանեան կարգ մը լրատու միջոցներ կը հաղորդեն, որ ինքնաշարժին մէջ եղած է Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեան: Մովսիսեան ո՛չ հերքեց, ո՛չ ալ հաստատեց այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ ուղեւորներէն երկուքն ալ Արմաւիրէն եղած են, սակայն անոնց ինքնութիւնը տակաւին չեն ճշդած:
Ըստ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հաղորդագրութեան, մահացած է ինքնաշարժին վարորդը եւ վիրաւորուած են 3 ուղեւորներ:
Դէպքին մանրամասնութիւնները կը ճշդուին:

