ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՔՈՍ ՓԻՑԵԼԼԻ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑԻՆ

Մարքոս Փիցելլի

Հենրիխ Մխիթարեան

Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Ուքրանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Շախտիոր Տոնեցք, 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Օպոլոնի Քիեւը:

Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 67-րդ վայրկեանին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով: Ան 83-րդ վայրկեանին նշանակեց կազմին եւ Ուքրանիոյ ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին իր առաջին կոլը: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ) Շախտիոր արդիւնքը վերածեց 4-0-ի:

Իր կարգին, տարեշրջանը յաղթանակով սկսաւ Մեթալուրկ Տոնեցք, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Չեռնոմորեթց Օտեսսայի:

Յաղթական կազմին մաս կը կազմեն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկներէն երեքը` Մարքոս Փիցելլի, Գէորգ Ղազարեան եւ Կարլեն Մկրտչեան:

Մեթալուրկի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Փիցելլի, որ մրցումին 47-րդ վայրկեանին նշանակեց այս հանդիպումին միակ կոլը: Ան 92-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Մկրտչեանով, մինչ Ղազարեան դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան:

Share this Article
CATEGORIES