Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն

23-07Nalbandian_OSCE-Minsk-Group22 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ հասած արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին շարունակուեցան քննարկումները տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի յառաջ մղման վերաբերեալ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող ռազմատենչ հռետորաբանութեան, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած զինադադարի խախտումներուն եւ հետախուզական գործունէութեան աշխուժացման վրայ:

«Հակառակ միջազգային հանրութեան արդէն ուղղակի հասցէին կատարուող կոչերուն, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ իր ապակառուցողական եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, հաշտեցման ու խաղաղութեան ի նպաստ արտայայտուող ազրպէյճանցիները շինծու մեղադրանքներով ամբաստանելով եւ բանտարկելով, ինչ որ չի նպաստեր բանակցութիւններուն մէջ դրական մթնոլորտի ստեղծման», ընդգծեց նախարար Նալբանդեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը  ըսաւ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն երկրին մէջ կուտակուած փտածութեան փորձը եւ հմտութիւնները տեղափոխել միջպետական յարաբերութիւններու դաշտ, սեփական հանրային կարծիքը շփոթահար պահելու նպատակով կը ջանան որոշ երկիրներէ կորզել յայտարարութիւններ, որոնք, գլխիվայր դարձնելով բանակցային հոլովոյթի բովանդակութիւնը, կը վնասեն անոնց  յառաջընթացին:

Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահներուն հետ միացեալ ջանքերը, ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Պրիւքսէլի մէջ նոյն օրը նաեւ կայացաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու տեսակցութիւնը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:

Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, «տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի արագացման ուղիները, այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնց մասին լաւ տեղեկացուած  է հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ համանախագահ երկիրներու  յայտարարութիւններուն հիման վրայ»:

Ուորլիք Վիեննայի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ
Բանակցութիւններուն Ընթացքը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Պրիւքսէլէն, ուր միջնորդները հանդիպեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, պիտի մեկնի Վիեննա` Մինսքի խմբակին եւ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին ներկայացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն ընթացքը: Այդ մասին ան կը յայտնէ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:

Ուորլիք կը փոխանցէ նաեւ, որ համանախագահները երէկ յայտարարութիւն կատարեցին` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին բռնութիւններուն առնչութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES