ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Երէկ` երկուշաբթի, 11 յուլիս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի նոր նշանակուած հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս հայր Ռաֆայէլ Մինասեանը, որուն կ՛ընկերանար լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Նաճարեան: Հայր Ռաֆայէլ Վատիկանի կողմէ վերջերս նշանակուած էր Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հայ կաթողիկէ համայնքներու արքեպիսկոպոս:
Վեհափառը ողջունեց հայր Ռաֆայէլին նշանակումը սոյն պաշտօնին եւ ըսաւ. «Վստահ ենք, որ ձեր այս պատասխանատուութեան ճամբով ձեր մասնակցութիւնը պիտի բերէք Հայաստանի վերաշինութեան, հզօրացման ու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծաւալման գործին»:
*
* *
Նոյն օրը, վեհափառը ընդունեց Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յիշեալ յանձնախումբին յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն առնչուած հարցեր:

