Աթլեթիզմ. Ժամհուրի Մրցաշարք. Լոռի Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Աղջկանց 400 Մեթր Վազքի Մրցումներուն
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան աթլեթիզմի «մեծ պարգեւ» անունը կրող Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ա. հանգրուանի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 500 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները` Ինթըր Լեպանոն, լիբանանեան բանակ, Շանվիլ, Անթունիէ, Ապթալ, Ֆինիքիա, Էլիթ եւ Ժամհուր:
Աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն, Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով 1՛02՛՛37 արդիւնք մը: Առաջին հանդիսացաւ Սարիա Թրապըլսի (Ինթըր Լեպանոն, 58՛՛ 42), իսկ երրորդ` Մանալ Թապպար (Ժամհուր, 1՛02՛՛55):
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն ուրիշ ոեւէ հայ մարզիկի անուն չերեւցաւ առաջին երեքին մէջ, որոնք բարձրացան փոտիում:
Աւարտին, ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

