ԸՍՏ «ԼԸ ՄՈՆՏ»Ի ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՇՐՋԱՆՑԱԾ ԵՆ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Էլ.Աշ.2» վերլուծական կեդրոնի եւ «Եահուի»ի կատարած միացեալ հարցախոյզին համաձայն, Ֆրանսայի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին ֆրանսացիներուն 29 առ հարիւրը մտադիր է քուէարկելու ի նպաստ Ընկերվարական կուսակցութեան հաւանական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի: Վերջերս կատարուած հարցախոյզին համաձայն, Հոլանտի աջակիցները 8 առ հարիւրով կը գերազանցեն Նիքոլա Սարքոզիինը (21 առ հարիւր):

Ընկերվարական կուսակցութեան մէկ այլ թեկնածուի` Մարթին Օպրիին կը զօրակցին հարցախոյզին մասնակից 957 անձերուն 26 առ հարիւրը: Ընկերվարական կուսակցութեան երրորդ թեկնածու Սեկոլեն Ռուայալ, որ նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին Սարքոզիէն պարտութիւն կրած էր, ապահոված է ձայներուն 13.5 առ հարիւրը:

Ֆրանսայի մէջ ընկերվարականները կը մրցակցին ոչ միայն Սարքոզիի, այլ նաեւ իրարու դէմ: Հոկտեմբեր 2011-ին, նախնական հանրային քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, ձախակողմեան կուսակցութիւնները միասնական թեկնածու պիտի ընտրեն:

Share this Article
CATEGORIES