«Ճիշդ Կ՛ըլլար, Որ Օրինաց Երկիր Կուսակցութիւնը Քննարկումներու Սկսէր Ընդդիմութեան Հետ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

24-07karyakՕրինաց երկիր կուսակցութիւնը դիմեց խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններուն, որպէսզի միասին աշխատանքային խումբ ստեղծեն եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու ծրար մշակեն, կանոնակարգելու կազի, ելեկտրականութեան, ջուրի սակերու ձեւաւորման սկզբունքները: Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ աշխատանքային այդ խումբով յստակացնել հանրային սպասարկութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին պարտականութիւններն ու լիազօրութիւնները, կարելիութիւն ընձեռել վերջինիս կազմին մէջ, եթէ ոչ լիիրաւ, գոնէ խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններէն մէկական ներկայացուցիչներ ներառելու:

«Առաւօտ»-ը ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանէն հետաքրքրուեցաւ, թէ իրենք պատրա՞ստ են ներառուելու այդ աշխատանքային խումբին:

Մինասեան պատասխանեց. «Մենք նման առաջարկ չենք ստացած: Իրենց տարածած յայտարարութիւնը հիմք չէ, որ ատիկա դիտարկենք իբրեւ առաջարկ: Երկրորդ` մենք ունինք մեր առաջարկները, ընդդիմութեան դերակատարութեան մասով: Կը կարծեմ, ճիշդ կ՛ըլլայ, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը այդ տրամաբանութեան մէջ քննարկումներու սկսի մեզի կամ քառեակին  հետ: Որովհետեւ մենք շատ յստակ ունինք ձեւակերպուած խնդիր. ընդդիմութեան դերակատարութիւնը կառավարման համակարգին մէջ: Ատիկա կ՛ենթադրէ ոչ միայն վերահսկողական լծակներ տալ ընդդիմութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ անկախութիւն ապահովել անոր: Որեւէ կարգաւորող անկախ յանձնախումբի մէջ մասնակցութիւն, ընդդիմութեան կարելիութիւն կու տայ, որ այդ «անկախ» մարմինը իրապէս ըլլայ անկախ: Ասիկա մեր իրականութեան առաւել հարազատ մօտեցում կրնայ ըլլալ, քան թէ օրէնքով նախատեսել մարմինի մը անկախութիւնը, բայց փաստացի այդ մարմինը անկախ չըլլայ: Ատոր համար կ՛առաջարկեմ, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը նախ ծանօթանայ մեր առաջարկներուն, ապա միայն առաջարկներ ներկայացնէ»:

Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ իրենք երբեք չեն խորշած քննարկելու կազի, ջուրի, ելեկտրականութեան սակերու ձեւաւորման կապուած օրէնսդրական ծրարի խնդիրները. «Մենք ալ առաջարկներ ներկայացուցած ենք, մենք ալ մշակումներ ունինք  բերելու օրէնսդրական նախագիծ «ուժանիւթի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու, հանրային սպասարկութիւնները կարգաւորող մարմինի մասին օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ ընելու, որպէսզի հանրային սպասարկութիւններու մարզերը ըլլան պետական եւ հանրային կարգաւորման ենթակայ, այլ ոչ թէ միայն տնտեսվարող հիմնարկներու շահերը նկատի առնեն: Հիմնականին մէջ հանրութեան շահերը նկատի առնող համակարգ պէտք է»:

Այն հարցումին, թէ կը հրաւիրէ՞ք Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը քառեակին հետ քննարկելու ձեր առաջարկները, վստահութիւն կա՞յ անոր  նկատմամբ, Արծուիկ Մինասեան պատասխանեց. «Ես չեմ հրաւիրած: Ես կ՛ըսեմ, եթէ կը մտածեն, առնուազն այսպէս կրնան մտածել: Ես չեմ հրաւիրեր, պարզապէս կ՛ըսեմ, որ եթէ որեւէ քաղաքական ուժ կ՛ուզէ հանրութեան օգտակար գործ կատարել, պէտք չէ մտածէ նեղ, խմբային, կուսակցական շահերով: Անհրաժեշտ է, որ նախ դիտարկէ, թէ ի՞նչ կայ դաշտին մէջ, ի՞նչ կ՛առաջարկուի, որուն հիման վրայ միայն զարգացման մասին մտածէ, այլ ոչ թէ սեփական առաջարկներ ընէ եւ հրապարակային կոչերով  շարժի»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES