«Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիչը Պիտի Չըլլամ» Կ՛ըսէ Քոնթէ

Antonio ConteԵուվենթուսի նախկին մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, ըստ որոնց ինք պիտի ըլլայ Փարիզ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչը` փոխարինելով Լորան Պլանը:

«Նմանօրինակ յայտարարութիւններ ամբողջութեամբ հեռու են իրականութենէ, որովհետեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչը պիտի չըլլամ: Մինչ արձակուրդի էի, այսպիսի լուր մը կարդացի մամուլին մէջ, ինչ որ երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ», ըսաւ Քոնթէ:

Ըստ իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթին, ֆրանսական ակումբը գաղտնի բանակցութիւններ կ՛ունենայ 44 տարեկան Քոնթէի հետ, որովհետեւ իր յոյսերը կորսնցուցած է այժմու իր մարզիչին` Պլանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES