Վրէժ-Արմէնի «Իմ Ուղեպատումը»
Դոկտ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
Այս միջավայրին մէջ մեծնալու հետեւա՞նքն է արդեօք, որ զինք դարձուցած է հետեւեալ նկարագրութեան տէրը. «Ուսումս աւարտելէ ետք, ամուսնացայ նախքան «կռնակս շտկելս», զաւակ ունեցայ նախքան տուն մը գնելս եւ աշխատեցայ գաղութի մը կազմակերպական կեանքը բարելաւելու եւ ամէնօրեայ դպրոց մը ստեղծելու զաւակներուս համար` նախքան իրենց համար համեմատաբար աւելի հանգստաւէտ պայմաններ ստեղծելս»: Այս բոլորն է հեղինակին կեանքին ուղեգիծը, զոր ան կրցած է իրականացնել մինչեւ այս պատումը գրելը եւ այնուհետեւ զայն դարձուցած է իր պատումին հիմքը:
Մէջընդմէջ իր գերդաստանի պատմութիւնը յիշատակելը ա՛լ աւելի կը հաստատէ հեղինակին տածած յարգանքը իր արմատներուն, զինք սնուցող զգացումներուն հանդէպ: Մօր եւ հօր գերդաստանները նախքան ջարդը եւ ջարդէն ետք Եգիպտոս հաստատուած ընտանիքներէն են: Մեծ հայրը` Գալուստ Արթինեանը, համիտեան ամէնէն ահաւոր ջարդերուն` 1890-ին, ծնած է Հաճըն, իր ծնողները կորսնցուցած է նոյն համիտեան 1896-ի ջարդերուն: Այդ պայմաններուն մէջ կրցած է ամերիկեան համալսարան աւարտել, Պէյրութ, 1911-ին փախած է Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա, ուր հանդիպած է Հալէպէն եկած Շաքէ Հոտլեանին եւ անմիջապէս ամուսնացեր են. անոնց զաւակը` Երուանդը, Վրէժ-Արմէնին հայրն է:
Մօր մեծ հայրը` Մեսրոպ Նորատունկեան, Սեբաստիա ծնած, ամուսնացած է Պոլիս ծնած Վեհանուշին հետ, փոխադրուած են Աղեքսանդրիա, ուր ծնած է հեղինակին մայրը` Անահիտը: Նոյն մանրամասնութեամբ ան կը ներկայացնէ իր կնոջ` Նազիկին գերդաստանը` սերած կեսարացի Պոհճելեան եւ Գուլաքեան ընտանիքներէն:
Հեղինակը մեծ գուրգուրանքով եւ իւրայատուկ սիրով ներկայացուցած է նաեւ իր անմիջական եւ հեռաւոր հարազատները, իր յիշողութեան մէջ ու նաեւ խնամքով պահպանուած լուսանկարներու ընդմէջէն, մօրաքոյրներէն մինչեւ իրենց ընտանիքին հարազատ դարձած եւ իրենց յաճախակի այցելող անձերը, ազգային գործիչները: Անհամար են այդ լուսանկարները եւ բնականաբար` անոնց հետ կապուած դէպքերը, տխուր եւ ուրախ պատմութիւնները: Չէ՞ որ իւրաքանչիւր լուսանկար ամբողջ կենսագրութիւն մըն է, ապրուած կեանք, միասին անցուցած վայրկեաններ` անհամար յիշողութիւններով լեցուն: Իւրաքանչիւր լուսանկար կը յիշեցնէ հայու դժուար կեանքը, հայու մաքառումը եւ Վրէժ-Արմէն անհատին սէրը այդ անձերուն եւ ընդհանրապէս մարդու հանդէպ:
Պատմութեան մէջ ներգրաւուած անձերէն իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցած է հեղինակի ձեւաւորման մէջ. իր ուսուցիչներէն պրն. Կոստանդեանը, որ իր անուան համար հետեւեալ իմաստուն պատգամը արձանագրած է. [Անունիդ առաջին մասը, այսինքն Վրէժը] ,կը պահես սրտիդ խորը, երկրորդը [այսինքն Արմէնը] կրնաս մինչեւ երկինք բարձրացնել»: Պրն. Քրիսեանը, տիկ. Ծաղկունին, խմբագիր Բենիամին Թաշեանը, եւ յետոյ կու գայ ազգանուէր մտաւորականութեան մէկ ամբողջ փաղանգ` Սիմոն Վրացեան, Շաւարշ Միսաքեան, Գաբրիել Լազեան, Վահան Նաւասարդեան, Բեգլար Նաւասարդեան եւ ժամանակի այլ նշանաւոր մարդիկ: Հետաքրքրական է կարդալ, թէ ի՛նչ երկիւղածութեամբ, խորին պատասխանատուութեամբ ու երազուած երջանկութեամբ այս 22-ամեայ երիտասարդը կ՛ընդունուի ՀՅԴ-ի շարքերը. «Ինծի համար յատուկ իմաստ ունէր ու հպարտութեան առիթ կը հանդիսանար այդ արարողութիւնը, որովհետեւ եղբօրս եւ ընկերներուս հետ կը միանայի ուխտեալներու այն փաղանգին, որուն մաս կազմած էին ու կը կազմէին երկու մեծ հայրերս ու ծնողքս: Շարքերը ընդունուիլը պատիւ մըն էր ու պարտաւորացուցիչ հանգամանք մը կը ստանար: Պիտի կարենա՞յի իմ երդումին արժանի կեանք մը ապրիլ»: Այս ապրումներն ու մտատանջութիւններն է ունեցած ան ու անկեղծօրէն այդ նոյն գիշերը փոխանցած է իր օրատետրին մէջ:
Վրէժ-Արմէն դարձաւ այն երջանիկներէն, որոնք ոչ միայն յարգեցին իրենց երդումը, այլ իրապէս իրենց ընդունած կուսակցակութեան գաղափարներով ազգային լիիրաւ կեանք ապահովեցին նաեւ յաջորդ սերունդներուն համար: Ատոր փայլուն վկայութիւնն է Քանատա ոտք դրած պահէն Մոնրէալի հայկական գաղութը աշխուժացնելու աշխատանքներուն լծուիը, որուն սկսած է իր ժամանման յաջորդ օրն իսկ: Յիշեցնեմ թուականը` 1966, դեռ հայութեան թիւը այդ տարիներուն Մոնրէալի մէջ մօտ 500 է եղած, երբ դեռ այդ նոյն երկրին մէջ փոքրամասնութեան իրաւունքները այսօրուան ուժով չէին յարգուեր:
Հայկական ամէնօրեայ վարժարան ունենալու գաղափարը անհրաժեշտութիւն չէր համարուեր գաղութահայութեան համար: Սուրբ Յակոբ շաբաթօրեայ դպրոցը բաւարար էր քիչ մը հայերէն սորվելու համար եւ ոչ մէկը իր զաւակներու ապագայով մտահոգուած էր: Եւ յանկարծ այս եգիպտահայը, որ հասակ առած ու դաստիարակուած էր հայ դպրոցին հանդէպ պաշտամունքի հասնող զգացումով, որ մտահոգ էր նաեւ իր երկու զաւակներուն հայեցի լուրջ դաստիարակութեամբ, ամբողջ էութեամբ կը նետուի այդ փոքրիկ գաղութին մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան հիմնելու աշխատանքին: Անցեալը վերակենդանացնող ցաւով կը նկարագրէ, թէ ինչպէս 500 ընտանիքներուն ուղարկուած հարցարաններէն միայն 33-ը պատասխան տուած են, եւ թէ` այդ 33-էն միայն 16-ին պատասխանը դրական եղած է: «Այդքան հայ պէտք չունին ըլլալու մեր զաւակները», կ՛ըսէին շատեր, վախնալով, որ` «աւելի հայ քան քանատացի կ՛ըլլան անոնք ու չեն յաջողիր կեանքի մէջ, չեն բարձրանար դրամատիրութեան սանդուխներէն վեր…»: «Քանատան` Նոր աշխարհը, ցոյց տուաւ մեզմէ շատերուն` խարխլութիւնը իբրեւ հայ… Դպրոցի՞ն, կուսակցութեա՞ն, թէ՞(մանաւանդ) տան կրթութեան պակասն էր, որ այդ արդիւնքը տուաւ: Հոն` Արեւելքի տարբեր պայմաններուն մէջ, օտարանալը ջանք կը պահանջէր, եւ հայ մնալն էր համեմատաբար դիւրինը, այսօր, հոս, երբ հակառակն է իրականութիւնը, եւ հայ մնալն է, որ ջանքի կը կարօտի, իրարու ետեւէ կ՛իյնան տկարները»:
Այս մտածողութեան դէմ պայքարով ի վերջոյ կարելի կ՛ըլլայ ոչ միայն ամէնօրեայ վարժարան հիմնել, այլ աստիճանաբար ընդարձակել զայն ու երկրորդականն ալ ներգրաւել, կեդրոն հիմնել իր մարզադաշտով, սրահով, քանի որ ինք կը հաւատար, որ եթէ տունը եւ դպրոցը այն վայրերն էին, ուր պիտի ստանային «ազգային կրթութիւն, «սրահ»-ը այդ կրթութիւնը պիտի ամբողջացնէր ու գործնական դաշտը պիտի հանդիսանար, ուր ընտանեկան եւ ուսումնական միջավայրերուն մէջ մեր սորվածը մարմին պիտի առնէր, միեւնոյն ժամանակ իմաստ պիտի տար մեր կեանքին»: Այս հաւատն է, որ զինք կը մղէր հանգիստ չառնելու ե՛ւ պետութեան համապատասխան կառոյցներու դուռը անվերջ թակելու` թոյլտուութիւն ստանալու, ե՛ւ ամենադժուարը` գաղութահայութիւնը համոզելու, զանոնք համախմբելու այդ յոյժ կարեւոր ձեռնարկի իրականացման համար:
Չէ՞ որ ինք ու իր շրջապատը այդպէս մեծցեր էին: «Անհամբեր կը սպասէինք շաբաթ երեկոյեան: Պատանեկան «ժողովի» օրն էր: Դպրոցէն կու գայինք, պատառ մը կ՛ուտէինք ու կը վազէինք «սրահ: Հայրս կը հաւաքէր դրկից ու թաղեկից պատանիները եւ իր փոքր «Ֆիաթ» ինքնաշարժով, եւ տակաւին անոր հետեւող, իր կողմէ վարձուած թաքսիներով մեզ կը տանէր ակումբ: Ակումբը մեր դպրոցէն ոչ հեռու այն նորակառոյց շէնքն էր, ութ յարկանի, որուն ճակատին երկու կողմերը, վերէն վար «Յուսաբեր» էր գրուած հայատառ ու լատինատառ, իսկ շէնքին վերեւ` արաբատառ»: Այս անմիջական եւ միեւնոյն ժամանակ պատմական տեղեկութեամբ, հեղինակը կրկին անգամ մեզ անցեալին կապելով` կը սորվեցնէ նաեւ այսօրուան սերունդին, որ բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն տեղ օտարութեան մէջ ընտանիքի ներդրած զոհողութեամբ է, որ ազգային ոգին կ՛աճի ու կ՛ամրանայ, որ այսօրուան «Յուսաբեր» թերթին շէնքը, որ դեռ կանգուն է, բնականաբար` աւելի բարելաւուած վիճակով, եղած է նաեւ հարազատ տուն հայ պատանիներուն համար: Այդ շէնքին գետնայարկը տպարանն է եղած, ուր ոչ միայն այդ պատուարժան օրաթերթն է տպուած, այլ` այդ շրջանին լայն թափով հրատարակուող հայկական գիրքերը: Այս պատմական օրաթերթին մէջ դեռ պատանի Վրէժ-Արմէնը համարձակօրէն իր առաջին յօդուածագրութեան փորձերուն կը սկսի բոլորովին անտեղեակ, որ այդ իր նախապատրաստական փորձերն էին հետագային «Հորիզոն»-ը ստեղծելու, ղեկավարելու համար:
Իր ցանկութիւնը` Լիբանանի ճեմարանին մէջ ուսանելու, այդպէս ալ անկատար կը մնայ, սակայն կեանքը մէկ այլ հնարաւորութեամբ առիթ կու տայ իրեն օգտակար ըլլալու այդ պաշտելի հաստատութեան` Ճեմարանին, դառնալով այդ հաստատութիւնը տնօրինող Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որուն նուիրուած է դարձեալ ողջ էութեամբ:
Ահա օրինակ մը. 1990-ին Աթէնքի մէջ կը գումարուի Համազգայինի Ա. Պատգամաւորական ժողովը, եւ ահա, թէ ինչ գրած է հեղինակը որպէս մասնակից. «Առաջին այդ ժողովի աւարտին, նախատեսուած ժամէն շատ ուշ, բոլոր մասնակիցներս միասին ընթրելու պիտի երթանք բաւական հեռու ճաշարան մը: Եւ վերադարձի ճամբուն վրայ` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»: Օթոպիւսին մէջ` ինքնաբերաբար կու գայ երգը եւ երգին հետ` գիտակցումը: Անկեղծ զինուորներ, այս պարագային` «Համազգային»-ի զինուորներ, որ աշխարհի ծայրամասերէն [տուն ու գործ թողած], եկեր էին ժողովի: Առաջինը` միութեան հիմնադրութենէն (1928) 62 տարիներ ետք: Ճիշդ այն օրերուն, երբ անդին, Երեւանի մէջ Հայաստանի խորհրդարանը անկախութեան հռչակագիր կը վաւերացնէր, եռագոյն դրօշը կ՛որդեգրէր իբրեւ պետական դրօշ, կը թօթափէր «խորհրդային» ու «սոցիալիստական» դժնդակ ածականները մեր հայրենիքի անուան վրայէն»:
Այս հաւատքով ու նուիրուածութեամբ, միակուռ մտածող հայ մարդոց աշխատանքով սկսուած ու ստեղծուած միութենական գործունէութիւններն են, որ հայաշունչ ոգի տուած են մեր գաղութներուն:
Գիրքը միաժամանակ այդ օրերուն պատահած եւ դեռ անլուծելի մնացած, չբացայայտուած իրավիճակներ շօշափած է, որոնցմէ մէկն ալ կուսակցական ղեկավարներէն Վահան Նաւասարդեանի որդիին` տուեալ ժամանակ «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ դաշնակցական Բեգլար Նաւասարդեանի անակնկալօրէն կուսակցութենէն հրաժարիլը, Հայաստան մեկնիլը եւ հոն անձնասպան ըլալն է, որ ոչ միայն պառակտում ստեղծած է կուսակցութեան մէջ, այլ նաեւ` հեղինակին մեծ ցաւ ու սոսկում պատճառած, ինչպէս անկեղծօրեն նկարագրած է. «Լախտի հարուած մըն էր ասիկա բոլորիս համար, բայց առաւել` ինծի, որ տակաւին նախորդ գիշերը հետը նստած` մեր բախտին վրայ կը խոկայի: Ես դաւաճանութիւն կը նկատէի ըրածը: […]Բայց սա անձնասպանութի՞ւնը… Դաշնակցութեան հանդէպ իր բռնած այդ անարի կեցուածքը, թերեւս` պարտադիր, թերեւս ներուէր իրեն, եթէ երթալով հայրենիք` անոր մեծութեան նպաստ մը տանէր, թէկուզ ամենաչնչին չափով (ի՛ր չափով…): Ուրեմն, իր անձնասպանութիւնը ինծի համար աւելի՛ մեծ յանցանք մըն է` դաւաճանութիւն, նախ կուսակցութեան, ապա` հայրենիքին հանդէպ», գրած է ան 1966-ին բժ. Երուանդ Խաթանասեանին: Այս գրութիւնը կու գայ հաստատելու Վրէժ-Արմէն կուսակցականի, հայու եւ իր սկզբունքներուն հաւատարիմ մարդու վարքագիծը:
Հայրենիքին հետ առնչուիլը, ինչպէս վերը նշեցի, իր իղձերուն իղձը եղած է, բայց մեծագոյն նպատակը եւ իր կարեւորագոյն գործը եղած է օտարութեան մէջ հասունացող հայ սերունդը հայրենիքին կապելը. «Ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ օր մը ամբողջական եւ ազատ հայրենիք ունենալ, եթէ զայն լեցնելու յօժար երիտասարդութիւն չունենանք», այսպէս մտածած ու այդ հաւատամքով գործած է ան:
Հեղինակը իր սիրոյ եւ նուիրումին հետ առողջ մօտեցում ունի ե՛ւ կուսակցութեան, ե՛ւ միութենական տարբեր կազմակերպութիւններու գործունէութեան հանդէպ, կ՛ընդունի թերացումները եւ սխալները, կ՛ընդունի առողջ քննադատութիւնը, որ ա՛լ աւելի կը շեշտէ անոր յառաջադէմ անձ ըլլալը եւ` նոյնքան յառաջադէմ մտածող: 1967-ին դարձեալ բժ. Երուանդ Խաթանասեանին գրած է հետեւեալը. «Այսօրուան մեր կատաղի «հակա»-ութիւնը (խօսքը կուսակցութեան սովետներու դէմ ըլլալն է) անանցանելի պատ մը պիտի հանդիսանայ վաղուան անակնկալ հնարաւորութեանց առջեւ (գործակցելու Հայաստանի հետ): Դաշնակցութիւնը իր քննադատական քաղաքականութենէն պէտք չէ հրաժարի, սակայն դռները միշտ բաց պէտք է մնան (Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ) հաւանական գործակցութեան մը համար` օր մը չէ օր մը»: Եւ կամ` «Մտահոգուած ենք մեր երիտասարդութեան ցանցառութեամբ: Թերացումը այլ ճակատի վրայ է: Պէտք չէ ակնկալել, որ շատեր ուզեն անդամագրուիլ մեր պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններուն եւ անդամագրուելէ ետք մնան: Շատեր պիտի գան, եթէ գոհացում տանք անոնց ընկերային, տնտեսական, մտային-հոգեկան եւ այլ պահանջներուն»:
Ութ տարի ինք ստանձնած է Հայ դատի «La Cause Arménienne / The Armenian Cause» տեղեկատուի խմբագրումը, եւ սիրայօժար կերպով, ինչպէս իրեն յանձնարարուած ամէն գործ, իւրաքանչիւր անգամ մեծ գոհունակութիւն ապրելով նոր թիւի լոյս ընծայումէ ետք, թէեւ «քաղաքական օտար դէմքերու հետ տեսնուիլը, հանրային յարաբերութիւններ մշակելը ու այդ դէմքերուն անկեղծ կամ կեղծաւոր խօսքերը ժպիտով ընկալելը նախասիրած աշխատանքներէս չեն եղած»:
«Ըլլա՛յ կուսակցական մարմիններու, ըլլա՛յ ընկերական ժողովներու, Շրջանային ժողովներու, ինչպէս նաեւ միութենական թէ ազգային-թեմական ժողովներու տրամադրած ժամերս ինծի շնորհուած կեանքիս մէկ շատ կարեւոր տոկոսը խլեցին, հարազատներս` կինս, զաւակներս եւ ծնողքս զրկելով իմ ներկայութենէս: Յետադարձ ակնարկով դիւրին է ցաւիլ, որ նուազ վայելեցի ընտանեկան կեանքի մթնոլորտը, նուազ խաղացի զաւակներուս հետ, նուազ զբաղեցայ իրենց դասերով` այդ ամէնը թողելով բացակայութեանս հետ հաշտուած կեանքի ընկերուհիիս, ցաւիլ մանաւանդ, որ նուազ նուիրուեցայ գրականութեան, գրական ստեղծագործական աշխատանքներու: Սակայն այդ հազարաւոր ժամերը տրամադրած պահերուս համոզուած էի, եւ կը մնամ համոզուած մինչեւ այսօր, թէ հայրենիքիս կը ծառայեմ, չունենալով հնարաւորութիւնը ատիկա ընելու այլ կերպ` հոն, հողին վրայ: Ու համոզուած էի նաեւ, որ իրենց` զաւակներուս սիրոյն կ՛ընէի այդ բոլորը, ըլլա՛յ իրենց հայեցի կրթութիւնը ապահովելու, ըլլա՛յ իրենց տունը` հաւաքակա՛ն տունը ստեղծելու կամ պահելու համար: Ուրիշներ նոյն այդ կորովով` գործէն ետք երբեմն նոյնքան երկար ժամեր աշխատելով, մեծ հարստութեան տէր կը դառնային: Ես այսպէս կը հարստանայի»:
Սան Ֆրանսիսքօ / 23 յունուար 2014
(Շար.2)

