Ֆալքաոյի Փոխանցման Շուրջ. Ռէալ Մատրիտ – Մոնաքօ` Համաձայնութիւն

25-07falcaoԸստ «Էյ.Պի.Սի.»-ի, Ռէալ Մատրիտ եւ Մոնաքօ իրարու հետ համաձայնութեան եկած են քոլոմպիացի միջազգային յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոյի տեղափոխութեան շուրջ:

Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ֆրանսական ակումբը համաձայն գտնուած է 12 միլիոն եւրօ գանձելով փոխ տալ Ֆալքաոն, այն պայմանով սակայն, որ երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, Ռէալ Մատրիտ 33 միլիոն տոլար վճարելով իր սեփականութիւնը պիտի դարձնէ անոր ստորագրութիւնը:

Կը կարծուի, որ այս գծով ամէն ինչ պիտի յստականայ կա՛մ այս շաբաթավերջին, կա՛մ ալ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )