Մասնակցելու Համար Տանայի Ֆութպոլի Մրցաշարքին. Աթլեթիքոյի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Դանիա
Երէկ, ուրբաթ, 25 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Դանիա մեկնեցաւ Աթլեթիքօ Պէյրութի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Տանա Քափ»-ի ֆութպոլի տարեկան մրցաշարքին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Անտրէա Փաուլի, Փասքալ Զըղէյպ (պատասխանատուներ), Ժաք Պչաքճեան, Ռամի Պայտուն, Փասքալ Հապիպ, սերպ Նենատ Սիրովիթիչ (մարզիչներ), ինչպէս նաեւ 46 մարզիկներ, բաժնուած` չորս խումբի (13, 14 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ 12 տարեկանէն վար երկու խումբեր):
Լիբանանեան խումբերը 5-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցին այս մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր դասակարգերէ 1045 խումբեր` 49 երկիրներէ:
Աթլեթիքոյի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ տարի Լիբանանի 14 տարեկանէն վար խումբը բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտական: