ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Լիթվինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ երկու խորհրդարաններու նախագահներուն դռնփակ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի կապերու աշխուժացման, միջխորհրդարանական գործակցութեան խորացման առնչուող եւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր:
Դռնփակ հանդիպումէն ետք Յովիկ Աբրահամեան եւ Վլատիմիր Լիթվին մասնակցեցան երկու երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպման:
CATEGORIES Հայկական