Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անիմաստ հարցերով մի՛ զբաղիք, ոչ ալ պոռոտախօս անձերու հետ գործ ունեցէք: Օրը կը թելադրէ ըլլալ խոհեմ, իմաստութեամբ տնօրինել ամէն շարժում:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք նախանձողներ, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Այդ կը նշանակէ, որ լաւ դիրքի վրայ էք: «Պտղատու ծառին քար կը նետեն» առածը մի՛ մոռնաք: Օրը յաջող է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկու անձի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը պիտի շարունակուի: Գոհ պիտի մնաք ձեր տուած որոշումէն: Ձեզի վստահուած է պատասխանատու պարտականութիւն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբ ինքնաշարժ վարէք, արագ տեղ հասնելու համար արագ մի՛ քշէք: Դանդաղ եւ բնական ընթացքով աւելի շուտ կը հասնիք: Մի՛ մոռնաք կրիային եւ նապաստակին արշաւի պատմութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վարպետ հաշուապահ էք ոչ միայն խնայասիրութեան մարզին մէջ, այլեւ ձեր մտային կարողութիւնը եւս այդ կը փաստէ: Ձեզմէ օգուտ պիտի քաղեն ձեր շուրջինները:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գեղեցկութիւնը հմայիչ է: Այսօր ժամանակ տրամադրեցէք գեղեցկագիտական հարցին, որպէսզի դառնաք հրապուրիչ: Պարբերաբար կատարեցէք փոփոխութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ կ՛ուտէք, ունիք նախանձելի ախորժակ, բայց նկատի առէք նաեւ ձեր ֆիզիքական երեւոյթը, որ գիրնալու հակամէտ է, արդէն նկատելի է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերովի աշխատանք մը պիտի կիրարկէք: Օրը յարմար է այս կապակցութեամբ ներկայանալ հարցին մասնագէտի մը` ճիշդ ուղղութիւն ստանալու համար:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական կորուստ մը հաւանական է անգիտակցաբար ոչ պիտանի գոյք մը գնած ըլլալու պատճառով: Սխալին պիտի անդրադառնաք, ինչ որ անօգուտ է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բնակարանը կահաւորելու եւ նոր տեսքով գեղազարդելու աշխատանք պիտի տանիք: Այս առնչութեամբ ձեր ծախսած գումարը տեղին է: Ձեր շրջապատը ձեզ կը խանդավառէ, երբ գեղեցիկ է եւ մաքուր:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընկերները խնճոյք մը կազմակերպած են ձեր յաջողութիւնը պատուելու համար: Հարցէն թէեւ տեղեակ չէք, բայց այս անակնկալը սքանչելի ժեսթ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը օրին կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը: Ոչինչ ձգեցէք վաղուան, որովհետեւ` օրը նոր, հարցերը նոր: Ծուլութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )