Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ամէն Ինչ Ուղեղին Մէջ Է
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, ԹԷ ՄԵՐ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂՆ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՐ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼ: ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՃԻՇԴ ՉԷ ԱՅՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ, ԹԷ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԻԱՅՆ 10 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ: ՀԱՅ ՋՂԱԳԷՏԻ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՅՆ ՕՐԸ, ԵՐԲ ՅԱՏՈՒԿ ԴԵՂԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ԽԹԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԵԿԱԾ ԱՌԱՍՊԵԼՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Մորկըն Ֆրիմենի մարմնաւորած ժապաւէնի նորագոյն տիպարը հանդիսաւոր եւ հեղինակաւոր ակադեմական ոճով կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը. «Որոշ գնահատումներու համաձայն, մարդոց մեծամասնութիւնը իր ուղեղին կարողութեան միայն 10 առ հարիւրը կը գործածէ: Երեւակայեցէ՛ք, որ կարենայինք հասողութիւն ունենալ մեր ուղեղին 100 առ հարիւրին: Հետաքրքրական բաներ պիտի պատահէին»:
Բեմադրիչ Լիւք Պեսընի նորագոյն գիտաերեւակայական ժապաւէնին` «Լիւսի»-ի մէջ կատարուած այս յայտարարութիւնը իրականութեան մէջ յաճախ կատարուած մէջբերում մըն է, որ յայտնապէս ունի հոլիվուտեան հմայք: Անիկա նաեւ մղիչ ուժն էր 2011-ին հրապարակուած «Լիմիթլես» զգայացունց ժապաւէնին, որուն մէջ դեր ստանձնած է Պրատլի Քուփըր: Սակայն ականաւոր ջղագէտներու համաձայն, քաղաքային կեանքի յատուկ առասպել է այն գաղափարը, թէ կ՛օգտագործենք մեր ուղեղին համակարգելու կարողութեան միայն փոքր մէկ մասը:
«Լիւսի», որ շարժապատկերի սրահներ ժամանեց այս ամիս, կը պատմէ կնոջ մը մասին (դերը կը մարմնաւորէ Սքարլեթ Ճոնսըն), որ կ՛առեւանգուի եւ կը ստանայ դեղ մը, որուն ներգործութեամբ կը շղթայազերծուի անոր ուղեղին թաքուն ուժը, որուն շնորհիւ ան կրնայ հակակշիռ բանեցնել ժամանակին վրայ, մտահոգելու չափ դիւրութեամբ սպաննել չարերը եւ խարազանել օրինազանցները:
Սակայն Քէյմպրիճի համալսարանի ջղահոգեբուժութեան դասախօս Պարպրա Սահակեանի համաձայն, «ոչ մէկ իմաստ ունի» այն գաղափարը, թէ կ՛օգտագործենք մեր ուղեղին միայն փոքր մէկ համեմատութիւնը:
«Անկարելի է գիտնալ, թէ մեր ուղեղին որքա՛նը կ՛օգտագործենք քանակական առումով: Այսուհանդերձ, վստահաբար` 10 առ հարիւրէն աւելին», կ՛ըսէ ան:

Արթնցէ՛ք. Պրատլի Քուփըր` «Լիմիթլես» ժապաւէնին մէջ:
Սահակեան կը բացատրէ, թէ 10 առ հարիւրի պատկերը ամբողջութեամբ «արհեստական» է եւ առաջին անգամ յայտնուած է Տէյլ Քառնըկիի 1936-ին հրատարակուած եւ լաւագոյն վաճառք արձանագրած «Հաու թու ուին ֆրենտծ էնտ ինֆլուընս փիփըլ» (ինչպէս կարելի է բարեկամներ շահիլ եւ ներգործութիւն ունենալ մարդոց վրայ) գիրքին մէջ: Կ՛ենթադրուի, թէ Քառնըկի պարզապէս ստեղծած է այս համեմատութիւնը` իր գիրքին մէջ նշուած գաղափարի մը յաւելեալ կշիռ տալու նպատակով:
Ժողովրդականութիւն վայելող այս սխալ համեմատութիւնը կրնայ նաեւ արդիւնք ըլլալ թիւր հասկացողութեան, ինչ կը վերաբերի մեր ուղեղին բջիջներուն գործունէութեան: Ջղագէտներու համաձայն, մեր ուղեղին բջիջներուն 90 առ հարիւրը կը կազմեն «զօրակցող բջիջները», որոնք սնունդ կը հայթայթեն մնացեալ 10 առ հարիւրին, այսինքն` նիւրոններուն: Նիւրոնները այն բջիջներն են, որոնք մտածումներ կը ստեղծեն: Կարճ խօսքով, անոնք մեր ուղեղին աշխատող բջիջներն են:
Սահակեան չի ժխտեր այն տեսակէտը, թէ միշտ չէ, որ կը գործածենք մեր ուղեղին ամբողջ կարողականութիւնը: «Յաճախ մեր ուղեղին առաւելագոյն կարողականութենէն շատ աւելի տկար կը գործենք տարբեր պատճառներով: ինչպէս` յոգնութիւն», կը բացատրէ ան եւ կը մատնանշէ վերջերս դպրոցական տարիքի մանուկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ի յայտ բերած է, թէ` «անոնց ուսողութեան եւ կարդալու կարողութիւնները բարելաւուած են վարժութիւններով»:
«Ոչ միայն ուղեղին արտադրողականութիւնը կը բարելաւուի, այլ նաեւ ուղեղը աւելի լաւ կը սկսի գործել», կը նշէ ան:

Ճոնի Տէփ` «Թրանսենտընս» ժապաւէնին մէջ:
Սահակեան նաեւ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս այսպէս կոչուած «խելացի դեղեր» կրնան յատկանշական ներգործութիւն ունենալ ապագային: «Ներկայիս կրնանք մեր իմացական կարողութիւնը բարելաւել խելացի դեղերով: Կրնանք խթանել մեր արթնութիւնը, կեդրոնացումը, յիշողութիւնը եւ գործադրելու կարողութիւնները, ինչպէս` ծրագրել եւ հարցեր լուծել: Ապագային պիտի ունենանք դեղեր, որոնք պիտի ծառայեն իբրեւ շատ աւելի ազդու խթաններ` առանց կողմնակի ժխտական ազդեցութիւններ գործելու կամ` նուազագոյն կողմնակի ազդեցութիւններ գործելով: Շատ հաւանական է, որ այդ ժամանակ արդէն սովորական դառնայ անոնց գործածութիւնը», կ՛ըսէ ան:
«Պէտք է ըսել, թէ յայտնապէս 10 առ հարիւրի առասպելը տակաւին իբրեւ իրականութիւն կ՛ընկալուի ամերիկեան հանրութեան մէջ: Անցեալ տարի Փարքինսընզի ուսումնասիրութեան Մայքըլ Ճէյ. Ֆոքս հիմնարկին կողմէ կատարուած վիճակագրութիւն մը ի յայտ բերած էր, թէ ամերիկացիներուն 65 առ հարիւրը կը հաւատայ այս համեմատութեան ճշմարտութեան: Այս թիւը 5 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի է եղափոխութեան տեսութեան հաւատացող ամերիկացիներուն թիւէն:
Պալթիմորի մէջ Ճոն Հոփքինզ համալսարանի ջղագէտ Պերի Կորտընի համաձայն, մարդիկ կ՛ուզեն հաւատալ 10 առ հարիւրի առասպելին, որպէսզի իրենց թերութիւնները վերագրեն ուղեղին ենթադրաբար չգործող մասերուն: