Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ժոմպլաթն Ու Ապտելլահեանը

Ժոմպլաթ եւ սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս Կազայի մէջ պատահածը:
Երկու կողմերը հաստատեցին, որ Պաղեստինեան դատը կը մնայ կեդրոնական դատ եւ անիկա քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն վեր կը մնայ:
Սէյիտ Նասրալլա եւ Ժոմպլաթ հաստատեցին պաղեստինցիներուն նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` ողջունելով թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարելու անոնց կամքը:
Անոնք դատապարտեցին նաեւ Մուսուլի քրիստոնեայ համայնքին բռնագաղթը` հաւատադրժողականներուն կողմէ:
Ներքին լիբանանեան առումով, սէյիտ Նասրալլա եւ Ժոմպլաթ ընդգծեցին Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին նախագահական աթոռին թափուր մնալուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք հաստատեցին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անխուսափելիութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա եւ Ժոմպլաթ քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շեշտեցին զանոնք բարելաւելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆէն:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Կազայի իրադարձութիւններն ու անոր դէմ իսրայէլեան պատերազմը կասեցնելու եւ անոր շրջափակումին վերջ տալու կարելիութիւնները:
Սէյիտ Նասրալլայի այցելեց նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էմիր Հիւսէյն Ապտելլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ֆաթհ Ալիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը: