Լիբանանեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Ուղղուեցաւ Մալի
Ջախջախուած ալճերիական օդանաւին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն փոխադրութեան եւ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններուն մօտէն հետեւելու նպատակով երէկ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Փարիզի ճամբով ուղղուեցաւ Մալի:
Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի հետեւի ջախջախուած օդանաւին դրդապատճառները բացայայտող հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ պիտի համադրէ «Տի. էն. էյ.»-ի քննութիւնները կատարելու եւ լիբանանցի զոհերուն դիակները Լիբանան փոխադրելու աշխատանքը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Թամմամ Սալամ զոհուած լիբանանցիներուն վերաբերող դասաւորումներուն շրջագիծին մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ եւ անոր ներկայացուց իր ցաւակցութիւնները` ֆրանսացի զոհերուն համար:
Վարչապետ Սալամ Հոլլանտէն խնդրեց Ֆրանսայի օժանդակութիւնը` լիբանանցի զոհերուն դիակներուն ծանօթանալու եւ զանոնք Լիբանան փոխադրելու առումով:
Հոլլանտ շեշտեց Փարիզի զօրակցութիւնը Լիբանանին` ընդգծելով Ֆրանսայի յանձնառութիւնը լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն պահպանումին եւ բոլոր մարզերուն մէջ այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:
Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հետեւեցաւ 19 լիբանանցի զոհերուն կապուած հարցերուն` շեշտելով, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանցի զոհերուն հարազատներուն: Այս առումով ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Լորան Ֆապիւսի հետ:
Ֆապիւս յայտնեց, որ Ֆրանսա իր բոլոր կարողութիւնները Լիբանանի տրամադրութեան տակ կը դնէ` դիւրացնելու համար զոհերուն դիակները տուն փոխադրելու լիբանանեան պետութեան աշխատանքները:
Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Մալիի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Տիուպի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան պատուիրակութեան կատարելիք աշխատանքին մանրամասնութիւնները:
Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ զոհերուն ընտանիքներուն հետ, ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց հարազատներուն կորուստին համար եւ անոնց համբերութիւն ու մխիթարութիւն մաղթեց: