Սպարտակ-Ուրալ` 4-4. Մանուչարեանը` Կոլի Հեղինակ
Ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որ իրարու դէմ հանեց Սպարտակ Մոսկուան եւ Ուրալ Եքաթերենպուրկը, աւարտեցաւ 4-4 արդիւնքով:
Ուրալի կազմէն մրցումին սկիզբէն դաշտ ներկայացաւ վնասուածքի պատճառով վերջերս ապաքինած Էտկար Մանուչարեան, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, իսկ Ուրալի 4-րդ եւ վերջին կոլը նշանակեց 24 տարեկան միջնապահ Արսէն Յովհաննիսեան, որ այս ամսուան սկիզբը փոխանցուեցաւ Ուրալի:
Նշենք, որ վնասուածքներու պատճառով Սպարտակի կազմէն մրցումին չմասնակցեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս:
CATEGORIES Մարզական

