Սլաք. Պիելոռուսիոյ Օրինակն Ու Լիբանանեան Իրականութիւնը

ԼԱԽՏ

30-07_SlakՊիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ իշխանութիւնները աննախադէպ խիստ քայլերու կը ձեռնարկեն շրջակայ միջավայրի մաքրութիւնը պահպանելու համար, օրինակ` այն քաղաքացիները, որոնք կը բռնուին շրջակայ միջավայրը ապականելու պահուն, կրնան զրկուիլ իրենց ինքնաշարժներէն:

Լիբանանեան իշխանութիւնները, եթէ հետեւին իրենց պիելոռուս պաշտօնակիցներուն օրինակին, ոչ միայն միջավայրի մաքրութիւնը կը բարելաւուի, այլ նաեւ` ճամբու խճողումը, որովհետեւ անկասկած, լիբանանցին, ըստ իր սովորութեան, օրէնքը պիտի չյարգէ, եւ պատժական տնօրինման պարագային Լիբանանի մէջ ինքնաշարժներուն թիւը պիտի նուազի` այդպիսով դարմանելով խճողումի հարցը: Սակայն հարցը այդքան ալ պարզ չէ:

Պետական պաշտօնեաները եւ իրաւապահ մարմինները նախ եւ առաջ իրենք պէտք է յարգեն ինքնաշարժ վարելու եւ շրջապատի մաքրութեան օրէնքները, որովհետեւ սկզբունքով բոլոր մարդիկ հաւասար են եւ չկան մարդիկ, որոնք աւելի հաւասար են, քան ուրիշներ: Սակայն դժբախտաբար անոնք եւս կը խախտեն նշեալ օրէնքները. ի վերջոյ անոնք անջրպետէն չեն եկած, այլ ծնունդն են այս ժողովուրդին, նոյն ջուրը կը խմեն եւ նոյն արեւը կը վայելեն:

Լիբանանի մէջ ինքնաշարժ վարելու օրէնքները թուղթի վրայ են, ոչ ոք կը յարգէ զանոնք եւ ոչ ոք հաշիւ կը պահանջէ զանոնք խախտողէն: Այնպէս որ որդեգրուելու պարագային` շրջապատի մաքրութեան օրէնքը պարզապէս պիտի համալրէ չյարգուող օրէնքներուն շարքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES