Ուաշինկթըն Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Ներկայացուցիչին Յիշեցուցած Է, Որ Իր Ղեկավարը Ալիեւը Չէ

Տանիէլ Պայըր
«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն դիւրացնելու Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախագիծերու համակարգողի աշխատանքը բոլոր ուղղութիւններուն մէջ: Ուաշինկթըն Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի համակարգողին խորհուրդ կու տայ կրկնապատկել ջանքերը քաղաքացիական հանրութեան հետ իրական երկխօսութեան, ժողովրդավարական ընտրութիւններու, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու հարցին մէջ:
ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայըր 17 յուլիսին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն յանձնախումբին մէջ Պաքուի մէջ կազմակերպութեան նախագիծերու համակարգող Ալեքսիս Շահթահթինսքիի զեկուցումէն ետք խօսքը վերջինիս ուղղելով ըսած է. «Ես տեսած եմ ձեր երկու լուսանկարները նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Սակայն ես չեմ տեսած ձեր լուսանկարը քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Ես պարզապէս պիտի ուզէի յիշեցնել ձեզի, որ հիւրընկալող երկրին հետ խորհրդակցութիւնները, անշուշտ, ձեր աշխատանքին անքակտելի մասն են, սակայն դուք կ՛աշխատիք կազմակերպութեան հիմքը հանդիսացող սկզբունքներով, եւ ձեր ղեկավարը Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չէ»:
Ան յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի նախագիծերու համակարգողը առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ ԵԱՀԿ-ի արժէքներուն պահպանման եւ պարտաւորութիւններու հարցին մէջ: «Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի առաւել վճռականութեամբ հետեւելու ձեր առաքելութեան` հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան սահմանափակման ուղղուած ջանքերը` յատկապէս ԵԱՀԿ-ի նախագիծերու հաստատման խստացման լոյսին տակ: Այս բոլորը կը խոչընդոտեն ԵԱՀԿ-ի աշխատանքին` Ազրպէյճանին արժէքաւոր աջակցութիւն տրամադրելու հարցին մէջ, եւ ասիկա անընդունելի է», ըսած է Պայեր: Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ իրենց քաղաքական հայեացքներու եւ ազատ արտայայտման համար հետապնդումներու ենթարկուող եւ կեղծ մեղադրանքներով քրէական գործերով կատարուող լրագրողներու, պլոկըրներու, ֆէյսպուքեան գործիչներու հալածանքին խնդիրին:
2013-ին Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-էն պահանջած էր Պաքուի մէջ իր ներկայացուցչութեան մակարդակը իջեցնել մինչեւ նախագիծերու համակարգողի մակարդակին, հակառակ այդ քայլին չդիմելու Ուաշինկթընի բազմաթիւ կոչերուն:
1 մարտ 2014-ին Պաքուի մէջ նախագիծերու համակարգողի պաշտօնը ստանձնած է ֆրանսացի դիւանագէտ Ալեքսիս Շահթահթինսքի:

