Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

30-07_hamazkayin-130 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցները` Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ հաւաքի պատասխանատուներուն գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով ուսանողական հաւաքի մասնակիցները` նախարար Յակոբեան յայտնեց. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ, անշուշտ կը գիտակցի, որ հայրենիքի գաղափարը առանց հայրենիքի մէջ ըլլալու չի կրնար իրական եւ ամբողջական ըլլալ: Դուք պիտի այցելէք Արցախ, պիտի տեսնէք այն տարածքները, զորս ձեր հասակակից հայրենակիցները պաշտպանած են իրենց կեանքին եւ արեան գնով»:

30-07_hamazkayin-2Նախարարը ընդգծեց, որ հայ ուսանողին հիմնական եւ կարեւորագոյն գործը փայլուն կրթութիւն ստանալն է եւ նորարարութեան այս դարուն մրցունակ ըլլալը: «Համաշխարհայնացման այս դարուն հայ երիտասարդը պէտք է գտնէ իր ուրոյն տեղը միջազգային շուկային մէջ` առանց կորսնցնելու հայ մարդուն բնորոշ նկարագիրը եւ մարդկային որակները», նշեց ան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարին` ջերմ ընդունելութեան համար, Լիլիթ Գալստեան ըսաւ. «Ձեր կողմէ բարձրացուած հարցերուն փիլիսոփայութեամբ կը կայացնենք այս հաւաքը` հայրենի յարկին տակ համախմբելով բազմաթիւ տաղանդաւոր ու հայրենասէր երիտասարդներ»:

Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մէջ սփիւռքահայ ուսանողութեան աշխուժ դերակատարութեան ու անոր ներգրաւման անհրաժեշտութեան առնչուող հարցեր:

Ապա հաւաքի մասնակիցները դիտեցին սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները ներկայացնող տեսերիզ եւ ստացան «Հայկական սփիւռք 2012» տարեգիրքեր:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցած հաւաքի փակման հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքին (ֆորում) հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրը` հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայկական մշակոյթի պահպանման եւ տարածման իմաստով այս նախաձեռնութեան ունեցած նշանակալի աւանդին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES