ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի «Էքսթրիմ Էտվենչըր 3» Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

IMG_4585ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը կը շարունակէ իր բեղուն գործունէութիւնը` այս անգամ կեանքի կոչելով «Էքսթրիմ էտվենչըր 3» եռօրեայ երիտասարդական ու ընտանեկան քերմեսը: Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ 25-26-27 յուլիս 2014-ին, «Տեմիրճեան» հաստատութեան շրջափակին մէջ: Երիտասարդութեան եւ նոր սերունդին ժամանակակից ու արկածախնդրական պահանջները բաւարարելու համար զետեղուած էին զանազան արկածախնդրական խաղեր, որոնց հսկողութիւնը վստահուած էր այս առիթով  Եւրոպայէն յատուկ ժամանած մասնագէտներու:

10526110_339153842906729_7870559129444876585_nԱյսպէս, պանճի ճամփինկ, ռափել, պանճի թրամփոլին, պատ մագլցելու եւ այլ խաղերը բաւական խանդավառութիւն ու սեփական վախի զգացողութեան դէմ պայքարելու առիթներ կը ստեղծէին: Յատկապէս պանճի ճամփինկի մասնակիցները, երբ կը պատրաստուէին աւելի քան վաթսուն մեթր բարձրութենէ վար նետուիլ, բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը իրենց վրայ կը կեդրոնացնէին ու կ՛արժանանային ջերմ ծափողջոյններու եւ գնահատական բացագանչութիւններու` յաջող ու անվախ «վայրէջք» կատարելէ ետք: Գնահատելի երեւոյթ էր նաեւ, մասնակից զոյգերէն մէկուն Եռագոյն դրօշը պարզելով ցատկելը, որ նոյնքան ոգեւորութիւն ստեղծեց:

10550957_339154062906707_2415877432726493528_n10536916_339585406196906_3938501712629382552_nՄիւս կողմէ` փոքրերուն ու պատանիներուն համար պատրաստուած հսկայ փչովի խաղերը ուրախութիւն կը պատճառէին թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ անոնց ընկերացող ծնողներուն: Արկածախնդրական  փչովի խաղերուն կողքին, Սկաուտական խորհուրդին կրպակը ներկաներուն կը մատակարարէր համեղ հիւթեր, զովացուցիչներ, խմորեղէններ, կորեկ, կրկնեփ եւ այլն:

IMG_5203Աւելի՛ն. երեք  օրերու ընթացքին տեղի ունեցան զանազան գեղարուեստական յայտագիրներ: Փոքրերուն համար ելոյթ ունեցան «Ուրախ տարեդարձ» եւ «Գոյնզգոյն աշխարհ» խումբերը, որոնք փոքրերուն զուարճութիւնը կրկնապատկեցին, իսկ երիտասարդներուն համար բեմ բարձրացան սիրուած մենակատարներ Լիզա Սվաճեանն ու Ճիլպեր Սայմընը եւ իրենց իւրայատուկ ոճերով հմայեցին ներկայ երիտասարդութիւնը: Ներկաները խանդավառեց նաեւ երիտասարդ տի. ճէյ. Սէրուժ Պաղտասարեան:

10456017_339586762863437_7319105676747218056_n«Էքսթրիմ էտվենչըր 3»-ը Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի պատմութեան մէջ անցաւ որպէս անմոռանալի նախաձեռնութիւն`  խանդավառութեամբ, արդիականութեամբ ու արհեստավարժութեամբ բնորոշուած:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )