ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. «ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋԻՆԸ ԱՐԵՒՆԵՐՈՒՆ» ԿԱՄ «ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ»
Գրողի մը ստեղծագործութիւնը կ՛արդիւնաւորուի, երբ անոր շուրջ արտայայտուած գնահատականները կ՛արժեւորուին: Այս ցոյց կու տայ, որ ընթերցողներու տպաւորութիւնները արձագանգ գտած են եւ տեղ մը համընկնած` գրական քննադատներու տեսակէտին: Այս բախտաւորութիւնը ունեցած է նախկին հալէպահայ, այժմ փարիզահայ արձակագիր, վիպագիր Մովսէս Պչաքճեան, որուն ստեղծագործած «Լուսաւոր աչքերով օտարականը` վէպը երկու անգամ հրատարակուեցաւ Հայաստանի մէջ պետական պատուէրով, նախ` Հայաստանի խորհրդային վարչակարգի ժամանակաշրջանին, իսկ երկրորդը` 2011-ին: Երկրորդ հրատարակութիւնը` մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Այս երեւոյթը կարելի է բացառութիւն նկատել, որովհետեւ կը կարծենք, որ սփիւռքահայ ոչ մէկ գրողի հեղինակած գիրք երկու անգամ տպուած ըլլայ Հայաստանի մէջ, պետական պատուէրով, արժանացած ըլլալով նաեւ Գրողներու միութեան համակրանքին:
Մովսէս Պչաքճեանի այլ մէկ հատորը` «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» տիտղոսով, տպուած Փարիզ, 2001-ին, բանաստեղծութիւններու ժողովածու մըն է, որուն էջերէն քաղուած տասնեակ մը քերթուածներ արժանացած են յատուկ ուշադրութեան եւ արձանագրուած` ձայնագիր միջոցառումով, իբրեւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն:
«Ես եւ դուն» ձայնագրեալ սկաւառակին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, յատուկ հանդիսութեամբ եւ ասմունքի ներկայացումով:
Վերջերս ունկնդրեցինք ասմունքի նուիրուած այս «Տի.Վի.Տի.»-ն: Ասմունքողն է հայրենի տաղանդաւոր դերասան Կամօ Տէր Պետրոսեան: Ձայնագրութիւնը կատարուած է Երեւան, հովանաւորութեամբ Համազգայինի: Արտասանուած քերթուածները, թիւով 12 բանաստեղծութիւն, վերցուած են արձակագիր Մովսէս Պչաքճեանի «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» հատորէն, տպուած` տասնամեակ մը առաջ: Արձակագիր-վիպագիրին ստեղծագործական նոր ոճին կը վերաբերի, զոր կարելի է անուանել բանաստեղծութիւն, ինքնուրոյն եւ ուշադրութիւն գրաւող: Ո՛չ նորարարութիւն է, ոչ դասական դպրոցի պատկանող, այլ` փիլիսոփայական մտածումի եւ հոգեկան խռովքի միաձոյլ արձագանգ: Կարդացած էինք յիշեալ հատորը իր ժամանակին, զգացած էինք, թէ նոր շունչով արտայայտուած ստեղծագործութիւն մըն է: Մտածեցինք, թէ ո՞ր մէկ դպրոցին յատկացնենք բանաստեղծութեան այս սեռը: Յիշեցինք աշուղական գրականութիւնը, սրտի եւ միտքի, հոգեյոյզ աշխարհէ մը բխած ըլլալու հարցը, ինքնամփոփ խնճոյք մը բառերու, հարուստ բառամթերքի մը առկայութեամբ, յաճախ յանգերու ազնիւ գործակցութեամբ, ճաշակ վկայող, արեւմտահայերէնի բացառիկ հարստութիւնը ծափահարող:
Արտասանողը կամ ասմունքողը այնպիսի զտում մը կատարած է գիրքէն, ամէնէն խօսունը, սրտառուչը, մտածել տուողը եւ զարմացնող խորքը, վերջապէս անոր ձայնային գեղեցիկ, հիասքանչ զօրութիւնը, նոր գոյն ու ձեւ, նոր իմաստ ու նոր երանգ մը տուած է քերթուածներուն, բոլորովին տարբեր ընթերցուածի թողած տպաւորութենէն: Առաջին պարագային կարելի է զգալ ցամաք կերպաւորում մը, իսկ Կամոյին շունչով ամբողջովին տարբեր զգայնութիւն մը կը փոխանցուի: Հետեւելով այս տրամադրութեան` ուրեմն կարելի է եզրակացնել, թէ որքա՜ն պիտի արժեւորուէին մեր բանաստեղծներուն ստեղծագործութիւնները, եթէ անոնք արտասանուէին բեմերէն կամ նորագոյն գիտութեան ընձեռած վիճակով: Այս պարագային զարմանալի է ասմունքող Կամօ Տէր Պետրոսեանին արեւմտահայերէն լեզուին թափանցումը, այնքան ճիշդ ու հարազատ, այնքան թափանցիկ, որ կարելի է զինք նկատել արեւմտահայ գրականութեան վարպետ մը:
Մովսէս Պչաքճեանի «Մինչեւ վերջինը արեւներուն» հատորը կը մնայ գրագէտին եզակի մէկ ստեղծագործութիւնը, որ չունի իր նմանատիպը: Կը վերաբերի միայն կեանքի տաքն ու պաղը ճաշակած, կենսասիրութեամբ, եւ տագնապներէ հալածուած, հոգեկան աշխարհի մը ներկայացումը, մարդկային, նոյն ատեն` համամարդկային: Կը կարծենք, որ այս արժէքը գիրքին` արժեւորած է Կամոն, հատորին լաւագոյն եւ յաջողագոյն էջերը արձանագրելով:
2011-ին լոյս տեսած այս «Տի.Վի.Տի.»ն ունի գիրքի մը ձեւաւորումը, քերթուածները տպուած են Երեւան, նկարազարդուած գեղեցիկ տպագրութեամբ: Բախտաւորութիւն մըն է արժանանալ հայրենի Համազգայինի ուշադրութեան, նաեւ` արուեստագէտ ասմունքողին: Նորութիւն մը նկատեցինք այս նախաձեռնութիւնը: Երանի թէ մեր միւս շնորհալի բանաստեղծները եւս արժանանային նման բախտաւորութեան` ի շահ մեր գրականութեան զարգացման եւ բանաստեղծութեան փառաւորման:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ