Նէյմար Ֆութպոլի Դաշտերը Կը Վերադառնայ 18 Օգոստոսին
Goal.com կայքին համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ 18 օգոստոսին եւ մասնակցի մեքսիքական Լէոնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին` Խուան Քամփերի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Իր խօսքին մէջ Նէյմար կ՛ըսէ, որ 100 առ հարիւր ապաքինած կ՛ուզէ ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալ եւ օգտակար դառնալ իր ակումբին ազգային խումբին` կարեւոր նուաճումներ ձեռք ձգելու համար:
CATEGORIES Մարզական

