Ռէալ Մատրիտ – Տիեկօ Լոփես Բաժանում
Սպանական հանրածանօթ «Մարքա»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտ համաձայնութեան եզր մը գտնելով ակումբի բերդապահ Տիեկօ Լոփեսի հետ, որոշեց կնքուած պայմանագիրը խզել, հակառակ անոր որ 32 տարեկան սպանացիին պայմանագրութեան աւարտին միացած էր երկու տարի:
Ըստ վերոնշեալ պարբերաթերթին, արքայական ակումբը այս որոշումը տուած է Լեվանթէի եւ Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Քէյլոր Նաւասի փոխանցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք:
Կը նշուի, որ 12 օգոստոսին Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին, Ռէալ Մատրիտի բերդապահը պիտի ըլլայ Իքեր Քասիաս:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լոփեսի, ան կա՛մ պիտի միանայ Մոնաքոյի, կա՛մ ալ` Չելսիի:
CATEGORIES Մարզական

