Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դրամական հարցի վերաբերեալ մտահոգութիւն չունիք: Որոշեցէք եւ կազմակերպեցէք օրուան ձեր յայտագիրը: Ուրախութեամբ գործեցէք ամէն մարզի մէջ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարիքը ունիք յարաբերելու ուրիշներու հետ: Մի՛ առանձնանաք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարելաւուի: Յոռետես մի՛ ըլլաք, ուրախացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ է օրը` իրագործելու համար կարգ մը յետնեալ գործեր: Առանց տատամսելու կատարեցէք, որովհետեւ կրնաք շատ օգտուիլ այս ձեռնարկէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարզանքը եռանդ պիտի տայ ձեզի, ֆիզիքական կենսունակութիւն: Մի՛ ծուլանաք նոյնիսկ պարզ մարզաձեւեր կատարելու ամէն առաւօտ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հետաքրքրուեցէք ձեր անցեալի կեանքով, որպէսզի կարենաք դուք ձեզ լաւ ճանչնալ եւ նորութիւններ կիրարկել ձեր ապագային համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ գործ փնտռելու ձեռնարկած էք, պիտի կարենաք ձեր փափաքը գոհացնող շրջանակի մը հանդիպիլ: Օրը ունի նպաստաւոր պայմաններ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շարունակեցէք այն գործը, որ սկսած էք: Ձեր նախաձեռնութիւնը գոհացուցիչ պիտի ըլլայ եւ պիտի չզղջաք: Հետեւեցէք ձեր խղճի ձայնին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առանց աջ ձախ նայելու, ինչ որ որոշած էք, կատարեցէք. մի՛ լսէք նոր կարծիքներ: Նախանձողներ կրնան շփոթի մատնել ձեզ, ինքնավստահ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հոգեկան եւ մտային բնական վիճակի մէջ էք, պիտի կարենաք ձեր հարցումները ուղղել անոնց, որոնք ձեզ պիտի արժեւորեն ձեր խօսքերէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբ ձեզի վստահուած է պարտականութիւն մը, առանց յետաձգելու` կատարեցէք ըստ ձեր կարողութեան: Ուրիշներու օգնութեան մի՛ դիմէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գտած էք արեւոտ այն ճամբան, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ քովը անոր, որուն կարօտը ունէիք: Մնացէք հոն ուրախ տրամադրութեամբ: Օրը յաջող է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանկավարժական շնորհք ունիք, կրնաք այս մարզին մէջ յաջողիլ, եթէ փնտռտուք մը կատարէք: Մնացէք ձեր գիտելիքներուն աշխարհին մէջ: