Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վայքունիքէն… Քարվաճառ

0804karvajarՎերջին շաբաթներուն, գրեթէ օրական դրութեամբ կը խախտուէր զինադադարը եւ նախայարձակ Ազրպէյճանը նոյն թափով կը շարունակէր խափանարարական գործողութիւնները: Յուլիսի երկրորդ շաբթուան ընթացքին, Քարվաճառի շրջանէն ներս արձանագրուած այս ներթափանցումը գերագոյն խախտումն էր, որ կը կատարուէր:

Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք` արեւելեան սահմաններուն վրայ Հայաստանի բանակն ալ որոշ յառաջխաղացք մը կատարած էր դէպի  Նախիջեւանի շրջան: Այս պայթուցիկ իրավիճակին իբրեւ պատասխան` Պաքու որոշած էր փոխադարձել…

Սակայն ինչո՞ւ թիրախը Քարվաճառն էր:

Առաջին հերթին, տեղին է նշել, թէ Քարվաճառի լեռնային շրջանը կը տարածուի Արցախի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւմուտքը: Այդ շրջանի հիւսիսն է, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի հետ պետական սահմանը: Հարաւէն շրջանի սահմանակից տարածքն է Քաշաթաղը, արեւելքէն` Մարտակերտը, եւ արեւմուտքէն է, որ կարելի է Հայաստան մուտք գործել:

Պարզապէս, Պաքուի համար յստակ էր, թէ Քարվաճառը Արցախի անկախութեան հիմքն է, եւ եթէ այդ շրջանը օրին ազերիներու հակակշիռին տակ մնար, այսօր անկարելի ու երազային պիտի ըլլար խօսիլ Արցախի անկախութեան ու անվտանգութեան մասին:

Հո՛ն, Քարվաճառի մէջ էր, որ հայոց պատմութեան մէջ Արցախի այս անկիւնին ունեցած դերակատարութիւնը յստակօրէն կարելի է նկատել: Բազմաթիւ ճարտարապետական շինարարութիւններ եւ յուշարձաններ` Հանդաբերդ ամրոցը, Դադիվանքը եւ այլն, կը վկայեն հայորդիին եւ անոր նախահայրերուն ներկայութիւնը: Նաեւ, այս շրջանին մէջ է, որ կը հոսի Արցախի «Նեղոս»-ը` Թարթառը:

Ապրիլ 1-ը իւրայատուկ օր է Քարվաճառ քաղաքին համար: Արդարեւ, այդ օր (1993-ին) ազատագրուեցաւ:

Այսպէս, տասնեակ մը օրեր առաջ ազերի հետախուզական խումբի անդամները խախտեցին միջազգային իրաւունքով սահմանուած պատերազմի օրէնքները` դաժան ու անմարդկային կերպով ոտնձգութիւն իրականացնելով քաղաքային բնակչութեան նկատմամբ: Նոյնիսկ հաւաքներով ու ցոյցերով Պաքուի ղեկավարութիւնը պատճառաբանեց, թէ իր հողերէն ներս է, որ գործողութիւններ կը կատարէր…

Արցախի Հանրապետութեան բանակը գործի լծուեցաւ եւ արագ միջամտութեամբ մը վերջ դրաւ ազերի հետախոյզներու գործողութեանց: Մինչ այդ, դժբախտաբար, ինկան անմեղ զոհեր:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը վստահեցնէ, որ ազերի հետախուզական խումբին բոլոր անդամները գերի բռնուած կամ ոչնչացուած են:

Պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին Վայքունիք, Վերին Խաչէն, Քոլան եւ ներկայիս Քարվաճառ անուանուած շրջանը ենթարկուած է նման ներթափանցումներու, որոնք միշտ ալ անաւարտ մնացած են …կամ ալ աւարտած են ձախողութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )