Աւստրալիոյ Եւ Հոլանտայի Արտօնուած Է Այցելել Մալեզիական Ջախջախուած Օդանաւին Վայրը
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ ստորագրած է օրէնքներ, որոնք Աւստրալիոյ եւ Հոլանտային կ՛արտօնեն իրենց առաքելութիւնները ուղարկել Տոնեցքի մարզին մէջ գտնուող մալեզիական օդանաւի ջախջախման վայր:
Աւստրալիան, ըստ օրէնքի, կրնայ Ուքրանիա ուղարկել ոստիկանական, զինուորական եւ քաղաքային անձնակազմ, որ պիտի ստանայ երկրին մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունք:
Այս ծիրին մէջ, Քիեւ կը պարտաւորուի առաքելութիւններու աշխատակիցներուն տրամադրել օդանաւին ջախջախման հետ կապուած որեւէ տեղեկութիւն: Նոյն լիազօրութիւնները պիտի ստանան նաեւ Հոլանտայի ներկայացուցիչները, որոնք կը գլխաւորեն աղէտի հետաքննութիւնը:
Առաքելութիւններու անձնակազմերուն «պիտի թոյլատրուի զէնք կրել, ինչպէս նաեւ ուժ կիրարկել ինքնապաշտպանութեան եւ գործունէութեան իրականացման նպատակով»:
Առաքելութիւններու կազմերուն մէջ կրնայ ընդգրկուիլ մինչեւ 700 մարդ:

