«Փրեմիեր Լիկ». Վան Փերսի Բացակայ` Տարեշրջանի Բացման Մրցումէն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հոլանտացի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի պիտի բացակայի Սուանզի Սիթիի դէմ Մանչեսթըր Եունայթըտի «Փրեմիեր լիկ»-ին կատարելիք բացման մրցումէն` նկատի ունենալով, որ արձակուրդը քիչ մը աւելիով երկարաձգուած է` 2014-ի Մոնտիալին մասնակցած ըլլալուն համար:
30 տարեկան Վան Փերսի Եունայթըտի իր խմբակիցներուն հետ չմեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու համար հոն տեղի ունեցած շրջապտոյտին: Ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ նաեւ 12 օգոստոսին Վալենսիայի դէմ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական վերջին մրցումին` նկատի ունենալով, որ չորս օր ետք կը սկսի Անգլիոյ ախոյեանութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

