Հակառակ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելուն. Արտեոմ Սիմոնեան Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Զենիթէն
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան թէեւ իր պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի հետ, սակայն շատ հաւանաբար ան փոխ տրուի այլ ակումբի մը, կը յայտնէ bobsoccer.ru կայքը:
Այժմ Սիմոնեան, որ կը մարզուի Զենիթի երիտասարդական խումբին հետ, իրաւունք չունի Զենիթ-2-ի կազմէն հանդէս գալու, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ նախորդ ապրիլին ան թէեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Պեռնար Շալանտի կողմէ հրաւիրուած էր հաւաքական, սակայն տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն չէր մասնակցած:
CATEGORIES Մարզական

