Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք ձեր գաղափարները եւ կարծիքները արտայայտել պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին: Ձեր միտքերը պիտի արժեւորուին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ապագան կրնայ հիմնուիլ եւ կառուցուիլ զօրաւոր ու հաստատ հիմերու վրայ: Նկատի պէտք է առնէք այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ գործէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մտիկ ըրէք ձեզի տրուած խրատները, կրնաք օգտուիլ` ձեր գործերը լաւ ճանապարհով յաջողցնելու համար: Օրը օգտակար է եւ դրական:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ քնացէք, ձեր անքնութիւնը դարմանելու համար քնանալու վերաբերեալ յատուկ բուժումի մը ենթարկուեցէք բնական միջամտութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վիպային եւ լուրջ մտածումներ եւ կեցուածք ունեցէք, գիծ մը, որ ձեր խառնուածքին կը վայելէ: Քալեցէք օրուան համեմատ ընթացքով: Օրը յաջող է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մանուկներու հետ գործ պիտի ունենաք, անոնց պատմելիք պատմութիւն պատրաստեցէք: Հաճելի է անոնցմով զբաղիլ: Ձեր  կարգին կ՛ուրախանաք անպայման:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեզի արձակուրդ տուէք պտոյտի մը համար: Ամրան ուժ ամբարեցէք, որպէսզի ձմրան առողջ եւ ուրախ աշխատիք: Մի՛ մոռնաք այս պատուէրը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծրագրուած ձեւով աշխատեցէք, օրը ունի հանգիստ մտածելու առիթ: Դուք ձեզ տկար մի՛ զգաք, ունիք շնորհներ, մի՛ ծուլանաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աւելորդ եռանդ եւ ուժ մի՛ դնէք ձեր գործերուն մէջ: Դադար տուէք աւելորդ գործերու, հանգստանալն ալ անհրաժեշտ է: Օրը դրական կրնայ ըլլալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հրաժարեցէք զբօսաշրջական փափաքներէ: Դուք ձեզ մի՛ յոգնեցէք զուր տեղ: Տրամաբանութեամբ շարժեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առիթը պիտի ունենաք երկարելու ձեր արձակուրդը` հաճելի եւ օգտակար սիրոյ պատմութիւն մը լսելով: Հետեւեցէք բախտին ուղղութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշներուն հետ բաղդատած` ձեր ունեցած տարբերութիւնը օգտաշատ տուեալ մըն է ձեզի համար: Օգտուեցէք այս պահերէն, ուրախացէք:

Share this Article
CATEGORIES