«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արիւնալի Կռիւներ Եւ Քանդումներ Պէյրութի Եւ Արուարձաններուն Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Անդորրութիւն Թրատ-Ամանոս Շրջանէն Ներս
Լիբանանեան տագնապը 1975-ի նոյեմբերի վերջաւորութեան աւելի բարդացաւ եւ սուր բնոյթ ստացաւ քաղաքական եւ ռազմական գետիններու վրայ:
Երկուշաբթի, 24 նոյեմբերը կոչուեցաւ սեւ ու կարմիր երկուշաբթի: Պուրճի եւ Նասրայի շրջանները ծանր բախումներու թատերավայր դարձան: Ամփիր եւ Ռիվոլի շարժանկարի սրահներուն առջեւ զետեղուած պատնէշներու ետին տեղաւորուած 500-նոց եւ 800-նոց գնդացիները այնքան արագ կ՛աշխատէին, որ Ասսուր հրապարակէն, Պշարա Խուրի, Մէյ Ճիլաս կամ Սուրիա փողոցներէն անցնող ոեւէ անձ կ՛անշարժանար տեղն ու տեղը:
Ռիատ Սոլհէն դէպի Պապ Իտրիս ուժգին կրակ բացուեցաւ, իսկ Ռիվոլիի շէնքին կից փաղանգաւոր միլիսներ քանի մը անծանօթներ ձերբակալեցին, որոնց վրայ ձեռնառումբեր գտնուած էին:
Քլեմանսոյէն դէպի Հոլիտէյ պանդոկը երկարող ճամբուն վրայ փաղանգաւորներ բախում մը ունեցան Քանթարիի մայր փողոցի` վրայ դիրք բռնած զինեալներուն հետ:
Մար Մըխայէլ-Քարանթինա-Նահր- Մասլախ շրջաններուն մէջ եւս սաստիկ բախումներ ծայր առին:
Նապաա-Թէլ Զաաթար-Տըքուանէ շրջանին մէջ է, որ ամէնէն ծանր բախումները արձանագրուեցան: Թնդանօթները չլռեցին, հրթիռները դադար չունեցան, պայթումները լսելի դարձան իւրաքանչիւր վայրկեան, իսկ գնդացիրներու փամփուշտները երբեմն ծածկեցին ամպոտ երկինքը: Հակառակ մերթ ընդ մերթ տեղացող անձրեւին, արձակազէններ, որոնք տեղաւորուած էին ապահով տեղեր, ճամբաները ամայի նկատելով սկսան շէնքերու մէջ գտնուողներու վրայ կրակ բանալ:
Էշրեֆիէի բարձունքներուն վրայ դիրք բռնած փաղանգաւոր միլիսներ անշարժացուցին Ժսըր Ուաթիի երթեւեկը եւ թանգարանէն Նահր գացող ինքնաշարժները:
Նապաան իր ծանր օրերէն մէկը ապրեցաւ: Տըքուանէէն, Սին Էլ Ֆիլէն եւ Էշրեֆիէէն արձակուած հրթիռներ ինկած թաղերուն մէջ, ուր բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր ինկան:
Ծանր գիշերէ մը ետք, երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին բախումները սաստկացան Նապաայի մէջ եւ բազմաթիւ զոհեր ու հարիւրէ աւելի վիրաւորներ մնացին թաղերուն մէջ:
Սին Էլ Ֆիլի մէջ եւս բազմաթիւ զոհեր ինկան, իսկ վնասուած շէնքերուն թիւը անհամար էր: Շրջանի բնակիչները գետնայարկերու մէջ տեղաւորուած էին, իսկ ոմանք ալ, ամէն ջանք թափելով սկսան հեռանալ շրջանէն:
Հըրշ Թապէթ շրջապատուեցաւ փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներու կողմէ: Շրջանէն արձակուած հրթիռները կ՛իյնային Տըքուանէի վերի թաղերուն վրայ, իսկ Ժըտէյտէէն արձակուած ռումբերը կ՛իյնային Նապաայի վրայ:
Պէյրութի կեդրոնական շուկաները դարձած էին ռազմաճակատ: Ռիատ Սոլհի, Ասսուրի, Պուրճի, Տեպպասի եւ Ռիվոլիի հրապարակներուն վրայ տեղացող ռումբերը եւ փամփուշտները անգործածելի դարձուցին մերձակայ բոլոր ճամբաները:
Տորա-Քարանթինա-նաւահանգիստ տանող օթոսթրատը ամբողջովին վտանգաւոր դարձած էր: Արձակազէններ անշարժութեան մատնած էին ճամբան, որուն վրայէն անցնող քաղաքացիներ զոհ կ՛երթային:
Քարանթինայի մուտքին, փաղանգաւոր միլիսներ քննութիւն կը բանեցէին շրջան հասնող կամ դուրս ելլող անձերուն եւ ինքնաշարժներուն վրայ:
Պէյրութ ուրուական քաղաքի մը երեւոյթը ունէր. ամայի ճամբաներ, սառած շուկաներ, անշարժ թաղեր, փակ խանութներ եւ աղբերու կոյտեր քառանկիւններու վրայ:
***

Հայկական շրջուն պահակախումբ
Պուրճ Համուտի մէջ, հայ պահակ տղաք կը հսկէին ապահովութեան: Տաք շրջաններուն մէջ անդորրութիւնը հաստատուեցաւ շնորհիւ պահակ տղոց, որոնք ձեռք առին հսկողութիւնը եւ գիշերը ցերեկին խառնելով, յաջողեցան հանդարտութիւնը ամրապնդել մեծամասնութեամբ հայաբնակ թաղերէն ներս:
Ամանոս եւ Թրատ թաղերուն մէջ հայ զինեալ երիտասարդներ յաջողեցան վստահութիւն ներշնչել շրջանի բնակիչներուն: Զինուած գնդացիրներով, դիրքեր գրաւած ամէն անկիւնադարձի, լուռ` բայց արթուն, հայ տղաքը տէր դարձան այդ վտանգաւոր թաղերուն եւ հոն ապրող հայ թէ արաբ բնակիչներուն:
Թրատ թաղին մէջ, ծակծկած պատերու շէնքերուն առջեւ, նախապէս զետեղուած աւազէ տոպրակներով շինուած պատնէշներու ետեւ, հայ տղոց ներկայութիւնը ապահովութիւն կը ներշնչէր ժողովուրդին:
Շրջանի արաբ բնակիչները օրին շնորհակալութիւն յայտնեցին հայ տղոց, որոնք մեծ զոհողութեամբ ապահովութիւնը հաստատած էին այդ թաղերուն մէջ:
Թրատցի Ահմէտ Եուսէֆ Սիտանի, շրջան այցելող «Ազդակ»-ի թղթակիցներուն ըսաւ. «Ամիսներէ ի վեր գոց պահած խանութս բացած եմ: Կրնաք հասկնալ թէ ինչո՞ւ այս քայլը առի: Նայեցէք այս տղոց, որոնք դուրսն են: Իսկական իրաւարարներ եղան եւ յաջողեցան երկու կողմերը բաժնելով անդորրութիւնը հաստատել: Պարտաւոր ենք այդ տղոց ամէն օր շնորհակալութիւն յայտնելու»:
Շրջանի այլ բնակիչ մը` Ահմէտ Սըրհան Իսա ըսաւ. «Պուրճ Համուտը անգամ մը եւս փրկուեցաւ շնորհիւ ազգային մարդոց ջանքերուն: Այս թաղը, որ ռազմադաշտ մը էր, այժմ հանդարտ է: Հայ տղաքը մեր ապահովութեան համար իսկական զինուորներու նման կը շրջին փողոցէ-փողոց, թաղէ-թաղ եւ շնորհիւ իրենց է որ Պէյրութէն առաջ այս շրջանը հանդարտեցաւ»:
Հայ զինեալ երիտասարդներ նաեւ ճիփերով կը շրջէին թաղերուն մէջ եւ կը հսկէին ապահովութեան:
Մար Եուսէֆի ճամբուն վրայ, լիբանանեան դրօշակի մը տակ, հայ երիտասարդ մը դէպի Թրատ գացող ինքնաշարժներու վարորդներուն հարցումներուն կը պատասխանէր ըսելով. «Կրնաք ապահով անցնիլ այս ճամբաներէն»:
***

Ինքնաշարժներու ստուգում
Քաղաքացիներուն համար իսկական պատուհաս մըն էր դարանակալ պահուած արձակազէնը` ղաննասը: Շահանդուխտ, «Ազդակ»-ի 29 նոյեմբեր 1975-ի թիւով եւ «Ղաննա՛ս» խորագիրով յօդուած մը ստորագրած է, ուր կ՛ըսէ.
«… Ո՞վ է այս ղաննասը. վատագոյն մարդը, ստորնագոյն արարածը:
… Ան վարձկան մըն է, բայց չի ծառայեր մէկ տիրոջ, այլ բազմաթիւ տէրերու, որովհետեւ սկզբունք չունի: Կը սիրէ կրակին հետ խաղալ, հաճոյք կ՛առնէ մարդոց մահէն, տեսակ մը սատիք:
… Ոչ ոք կրնայ հասկնալ թէ ո՞ր մէկ շէնքէն, ո՞ր պատշգամէն կամ պատուհանէն կը կրակէ այդ դարանակալ «սրիկան»: Միայն թաղը կը ճշդուի, հազիւ փողոցը կը մատնանշուի.
– Բէբէին քով ղաննաս կայ, հոնկէ մի՛ անցնիք:
… Կ՛ըսեն, թէ դիտակ ունի ղաննասին զէնքը, ու այդ դիտակով հազարաւոր մեթր անդին գտնուող անձը կը նշմարէ»:
***
Ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 1975-ին առեւանգումներու նոր ալիք մը ծայր առաւ Պէյրութի եւ արուարձաններուն, Մըքալլէսի ճամբուն եւ Պիքֆայայէն Տհուր Շուէյր գացող ճամբուն վրայ:
Կէս գիշերին, քրիստոնեայ հինգ երիտասարդներ, Պրումաննայէն Պէյրութ վերադարձի ճամբուն վրայ, Ֆանարի մէջ զինեալ տարրերու կրակին բռնուեցան եւ անոնցմէ չորսը կացիններով ու դաշոյններով սպաննուեցան, իսկ հինգերորդը ծանր վիրաւոր` ողջ մնաց:
Շաբաթ, դեկտեմբեր 6-ի առաւօտուն արիւնով ծածկուած ինքնաշարժը նկատուեցաւ եւ զոհերուն մարմինները գտնուեցան: Կիսամեռ վիճակի մէջ գտնուող երիտասարդը ըսաւ, որ ոճրագործներուն առոգանութենէն դատած, անոնք պաղեստինցի էին:
Լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ամէն կողմ: Փաղանգաւոր միլիսներ, «Լ՛Օրիան լը ժուր» օրաթերթի թեքնիք տնօրէն եւ «Ազալ» ինքնաշարժի ակումբի նախագահ Ժոզէֆ Սաատէի գլխաւորութեամբ (որուն որդին` Ռոլան մէկն էր սպաննուածներէն) առաւօտեան ժամը 8:00-էն առաջ իսկ, Պէյրութի հրապարակներուն վրայ սկսան շրջիլ աջ ու ձախ: Քիչ ետք, հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան եւ իրարանցում սկսաւ Տեպպասի, Պուրճի եւ Ռիվոլիի հրապարակներուն վրայ: Միլիսները մտան Սուք Ապու Նասր, Ֆոշ պողոտայ, բանջարեղէններու շուկան եւ նաւահանգիստի ճամբան: Անել կացութեան մէջ գտնուող քաղաքացիները կորսնցուցին իրենք զիրենք: Ինքնաշարժներէ դուրս նետուողներ մտան բաց խանութներ, շէնքերու մուտքերէն կամ դռներէն ներս:
Ժամը 9:10-ին, հրապարակներուն վրայ պարապ ձգուած ինքնաշարժներ անշարժացուցած էին ճամբաները, մինչ կրակոցները սաստկացած ու առեւանգումները սկսած էին:
Փաղանգաւորներ փութով անցարգելներ հաստատեցին գլխաւոր ճամբաներուն վրայ եւ անձնաթուղթի վրայ ձեռք անցուցած իսլամն ու պաղեստինցին տեղնուտեղը կացինահար սպաննեցին:
Քաղաքացիք խուճապի մատնուած, չէին գիտեր ո՞ւր երթալ, ի՞նչ ընել ու ի՞նչպէս փրկուիլ մահէն: Սոսկալի տեսարաններ կը պարզուէին եւ իրարանցումը ահաւոր էր նեղ թէ լայն ճամբաներուն վրայ եւ թաղերուն մէջ: Քանի մը ժամուան ընթացքին 200-էն աւելի եւ կ՛ըսուի որ մինչեւ 600 անձեր սպաննուեցան:
***

Աչալուրջ հսկողութիւն
1975-ը ծանր տարի մը եղաւ Լիբանանի համար. ամէնուրեք` աւերածութիւն, արիւնահեղութիւն, առեւանգումներ, գաղթ եւ անգործութիւն: «Ազդակ», 31 դեկտեմբեր 1975-ի թիւով եւ «Գերագոյն մաղթանք» խորագիրով խմբագրականով, նոր տարուան առիթով արձագանգ կը հանդիսանայ օրուան տրամադրութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ վեր առնելով հայութեան միասնական կեցուածքը, կացութիւնը հաւաքաբար դիմակալելու առաջադրանքով կոչ կ՛ուղղէ համազգային ճիգով հասնիլ կարօտեալներուն:
«Անիծեալ տարի, զոր կ՛աճապարենք յանձնել պատմութեան գիրկը, սեւ շղարշով պահպանուած:
Աւետաբեր նոր տարի, զոր կը դիմաւորենք հազար ու մէկ մաղթանքներով, միայն թէ չնմանի գացողին, չիյնայ մեր վրայ իր երկար ու ձիգ օրերուն ծանր շղթայով:
Տարի մը առաջ, երբ կ՛ողջունէինք քսաներորդ դարու վերջին քառորդին վերջին տարին, ո՞վ կրնար նախատեսել թէ 1975-ը որբերու եւ որդեկորոյսներու բանակ մը պիտի ստեղծէր այս խաղաղ երկրին մէջ, ուր ամէն բան օրհներգ էր կեանքի եւ անոր գեղեցկութիւններուն:
Ո՞վ կրնար երեւակայել թէ մարդիկ պիտի գազանանային-մահուան պողոտաներու վերածելով երբեմնի Պէյրութի բանուկ փողոցները, ուր զուարթ եւ կենսուրախ բազմութիւն մը կը հոսէր նախանձելի անհոգութեամբ:
Չարիքի աստուածները դաշինք կնքեցին ու Լիբանան կարմիր ներկուեցաւ: Ածխացած շէնքերու, մոխրացած շուկաներու տխուր ստուերին տակ, փողոցներու եւ մայթերու վրայ լերդացած կը մնայ արիւնը անմեղներու, այս երկրի զաւակներուն, որոնց համար մինչեւ գերագոյն վայրկեանը, անհասկնալի մնաց ահագնութիւնը աղէտին, որ կ՛իյնար Լիբանանի գլխուն:
Ու տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՞ւր ենք: Փապուղիին սկի՞զբը, մէջտե՞ղը, ծա՞յրը: Ո՞վ կրնայ ըսել: Այնքան յոյսերէ եւ յուսախաբութիւններէ ետք, երբ իւրաքանչիւր լիբանանցի անզօր հանդիսատեսը եղաւ իր քաղաքներուն եւ գիւղերուն, տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք եղող տան կամ խանութին աւերման, բազմացած է թիւրը Թովմասներու, որոնք շօշափելի ապացոյցներու պահանջով կը ներկայանան պատասխանատուներուն, թերահաւատութեամբ դիմաւորելով անոնց բոլոր յայտարարութիւնները:
Տարեվերջի այս ժամերուն, երբ անցեալի տօնական օրերը, հին, շա՜տ հին յիշատակներու վերածուած, կը ճնշեն մարդոց վրայ, կը լեցնեն սիրտերը, հակառակ բոլոր փորձութեանց եւ դառնութեանը փորձառութիւններուն, յոյսը բացակայ չէ հոգիներէն, պէտք չէ բացակայ ըլլայ, երբ մանաւանդ մենք իբրեւ անհատ եւ համայնք ունինք սփոփարար մխիթարանքը երեւոյթի մը, որ դրականօրէն անդրադարձաւ եւ կ՛անդրադառնայ մեր հաւաքական կեանքին վրայ:
Այդ երեւոյթը այն միասնականութիւնն է որ տագնապէն առաջ ու սարսափելի օրերուն, հաստատուեցաւ հայ կեանքէն ներս, նուազագոյնի իջեցնելու մեր կորուստը` ֆիզիքական թէ նիւթական:
Հայութիւնը միաճակատ եւ միահամուռ դիմակալեց լիբանանեան տագնապը, որ խորշակի պէս իջաւ այս երկրի գլխուն: Մէկ ձայնով խօսեցաւ, մէկ մտահոգութիւն արտայայտեց: Անցեալի դառն փորձառութիւնը դրականօրէն անդրադարձաւ իր հաւաքական կեցուածքին վրայ, որ ո՛չ միայն փրկարար եղաւ մեր համայնքին համար, այլ նաեւ, կարելիութեան սահմանին մէջ, նպաստեց մերձեցումի լիբանանեան փորձերուն:
Դրական եւ ընդգծելի այս երեւոյթին զուգահեռ, չենք կրնար սակայն չարծարծել ուրիշ հարց մը, որուն վրայ լրջօրէն հակելու անհրաժեշտութիւնը այլեւս չի հանդուրժեր որեւէ ձգտում:
Հետզհետէ աւելի կարճատեւ միջնարարներով խաղցուող լիբանանեան ողբերգութեան ինը ամիսները անգործներու բանակ մը նետեցին թշուառութեան գիրկը: Հայութիւնը անմասն չէր կրնար մնալ այս աղէտէն ու չմնաց:
Ժամանակն է որ իբրեւ ազգային իշխանութիւն եւ անկէ բխած նուիրահաւաք ու նպաստաբաշխ յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ բարեսիրական հաստատութիւններ եւ միութիւններ, փութացնենք մեր աշխատանքները:
Ժամանակն է համազգային ճիգով մը եւ ներդաշնակ ուժերով հասնինք այսօրուան չքաւորներուն ու նաեւ նկատի ունենանք վաղուանները, որոնք անպայմանօրէն մեր օգնութեան պէտք պիտի ունենան, եթէ նոյնիսկ ամիս մը եւս շարունակուի այս անտանելի վիճակը, ո՜ւր մնաց ամիսներ:
Նոր Տարի է, Կաղանդի իրիկուն, աւանդութիւնը պիտի ներկայանայ իր պահանջներով: Սեղաններու առջեւ ո՞վ սակայն պիտի կրնայ հանգիստ պատառ մը ուտել, ումպ մը գինի խմել, առանց մտաբերելու թշուառութեան զոհերը:
Դժուար օրեր են` գիտենք: Գործերը կեցած են` ա՛յդ ալ գիտենք: Բայց, ունեւորներ ունինք, մանաւանդ հոգիով հարուստներ, որոնք Նոր Տարուան առիթով, գերագոյն պարտականութիւնը պէտք է նկատեն օգնութեան փութալու չոր հացի կարօտ հայրենակիցներու:
Վստահ ենք, այսպէս չի մնար: Սեւ օրերը կ՛անցնին, կեանքը վերստին կը ժպտի Լիբանանին եւ անոր բոլոր զաւակներուն:
Բայց մարդիկ, հաւաքականութիւններ նման օրերու կու տան իրենց քննութիւնը:
Դժբախտութիւններու առջեւ ցուցաբերուած իրենց կեցուածքով արժանի կ՛ըլլան իրենց ազգին ու հայրենիքին:
Իբրեւ գերագոյն մաղթանք, այս գիտակցութիւնը կը սպասուի հայութենէն»:

