Կոյրը
ՏՈՔԹ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հանրակառքի կայանին
Անհամբեր կը սպասէի,
Ալեհեր մարդ մը եկաւ
Նստաւ ու ինծի ըսաւ.
– Հաճիս ինծի իմացուր
Երբ որ հանրակառքը գայ:
– Ո՞ր հանրակառքը կ՛ուզէք:
– Որն ըլլայ, բացի մէկէն:
Տասներկուն` չեմ ուզեր,
Ան կը դառնայ վեր կ՛ելլէ:
Ես հասկցայ քու ձայնէդ`
Թէ դուն երիտասարդ ես:
– Ոչ, երիտասարդ չեմ ես,
Ու արդէն ծերացեր եմ:
– Ծեր ես, քանի՞ տարեկան:
– Վաթսունութը եղեր եմ:
– Վաթսունութը ծեր չ’ըլլար:
Դուն դեռ երիտասարդ ես
Քսան տարի աւելցուր
Ութսուն ութ տարեկան եմ:
Երկու աչքս չեն տեսներ,
Երկու տարի է արդէն,
Աչքիս լոյսը ցամքեր է
Ու ամէն ինչ մթներ է…:
– Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահեցաւ:
– Աչքերս տարուէ տարի
Տկարացան ու կուրցան:
– Բժիշկներդ ինչ կ՛ըսեն,
Բուժումի ձեւ մը չունի՞ն:
– Աչքերէս ամէն մէկը,
Տասն անգամէն աւելի,
Գործողութիւն եղեր են…
Ա՛լ ընելիք բան չունին…
Ճակատագիրս` այս է.
Մարդոցմէ ամէն մէկը
Նեղուելիք ցաւ մը ունի,
Ես ալ` իմս, չեմ տեսներ:
– Հանրակառքն եկաւ,- ըսի:
– Ցտեսութիւ՛ն,- ըսաւ ու
Կոյրը նստաւ ու գնաց:
Ես մնացի առանձին
Գլխահակ ու անկարող,
Եւ կրկնեցի իր խօսքը,
Մխիթարիչ, իմաստուն.
– Մարդոցմէ ամէն մէկը
Նեղուելիք ցաւ մը ունի
Ես ալ` իմս, չեմ տեսներ:
Ալեհեր կոյրին սրտին`
Հոգի մը կար շատ ազնիւ,
Համակ լոյս ու բարութիւն
Հեզութիւն, խաղաղութիւն:
Աստուած հետն ըլլայ իրեն,
Առաջնորդէ ու օրհնէ:
Բոլորս լուսաւորէ,
Իմաստութիւն պարգեւէ:
Նիս, 10 յուլիս, 2014

