«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՓԻՒՆԻԿ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ ԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ` 4-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

Փիւնիկ- Փլզեն մրցումէն

Երէկ, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Փիւնիկ Երեւան- Փլզեն մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Չեխիոյ ախոյեանը ծանր պարտութեան մատնեց հայկական խումբը` 4-0 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը բնականաբար պատճառ դարձաւ, որ դարձի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ մը ետք, ըլլայ բաւական դժուար Հայաստանի ախոյեանին համար:

Նշենք, որ Հայաստանի ախոյեանը նախապէս եւրոպական մրցաշարքերուն գծով նմանօրինակ ծանր պարտութիւն կրած չէր:

Հիւր կազմը իր չորս կոլերէն (7-րդ, 28-րդ, 40-րդ եւ 72-րդ) երկրորդը եւ երրորդը նշանակեց փենալթիով:

Share this Article
CATEGORIES