Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան
Երէկ` երեքշաբթի, 5 օգոստոս 2014-ի կանուխ ժամերուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ իր մահկանացուն կնքեց մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան:
Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան ծնած է Կիպրոսի մէջ: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը աւարտելէ ետք ան իր ուսումնառութիւնը շարունակած է Փարիզի մէջ:
Ան 50 տարիներ շարունակ եղած է յօրինող, գեղանկարիչ եւ կրթական մշակ: Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանին մէջ եղած է հայկական ռատիոժամի հիմնադիրը: Այդ ռատիոժամին ընդմէջէն ան 46 տարի շարունակ ներկայացուցած է տարբեր յայտագիրներ:
Իբրեւ օփերայի երգիչ ան ելոյթներ ունեցած է Նիկոսիոյ, Աթէնքի, Պէյրութի, Հալէպի, Գահիրէի եւ Փարիզի մէջ: Ան յօրինած է բազմաթիւ երգեր եւ սիմֆոնիք երաժշտական կտորներ:
Վերջին տասնամեակին ան ղեկավարած է ԳՈՀԱՐ համոյթը:
CATEGORIES Գաղութային

