Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Վաստակաշատ Գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեան Արժանացաւ Համազգայինի Շքանշանին

IMG_0229Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան անդրադարձաւ Ռոզվարդ Սիսեռեանի` իբրեւ մանկավարժի, արուեստագէտներու դաստիարակութեան գործին, եւ մանաւանդ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի հիմնադրման եւ հետագայ զարգացման հոլովոյթին մէջ մեծ դեր ունենալուն: Սիսեռեանի գեղանկարները իրենց իւրայատուկ որակն ու փայլքը ունին լիբանանահայ արուեստին մէջ, ըսաւ ան, ապա նշեց, որ այս ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Ռոզվարդ Սիսեռեանը մեծարելու նպատակով, անոր կեանքին տարբեր հանգրուանները կը ներկայացնէ:

Սիւզի Տէրտէրեան:

Սիւզի Տէրտէրեան:

Նիքոլ Հարֆուշ

Նիքոլ Հարֆուշ

Մովսէս Հերկելեան

Մովսէս Հերկելեան

Խօսք առաւ «Ալպա» համալսարանի կերպարուեստի բաժանմունքի տնօրէն Նիքոլ Հարֆուշը: Ան յիշեց արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի անցած ճանապարհը, ապա արժէքը ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի եւ այլուր:

Ան ներկաներուն դիտել տուաւ, որ Սիսեռեանի գործերը ոչ թէ սովորական, այլ կեանքի իսկական պատկերներ են` իրական ու հարազատ գոյներով:

Ցուցահանդէսին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ նախ նշեց, թէ Ռոզվարդ Սիսեռեան այն քիչ արուեստագէտներէն է, որոնք իրենց էութեամբ եղած են ինքնուրոյն ստեղծագործող: Հերկելեան նկատել տուաւ, թէ ինչպէս Սիսեռեան իր ընտանեկան ու մարդկային պարտականութիւնները ամբողջացնելէ ետք աւելի ուշ ստացած է համալսարանական կրթութիւն, ապա դասաւանդած` «Ալպա» համալսարանին մէջ: Մանկավարժական առումով մեծ է  անոր ներդրումը Լիբանանի կերպարուեստի պատմութեան մէջ, ըսաւ ան, ապա վերլուծելով գործերը, յայտնեց, թէ գեղանկարներու նիւթը փնտռելու համար չէ հեռացած իր հարազատ միջավայրէն` տունէն, եւ օրինակ` իր խնամած ծաղիկները եղած են իր գործերուն թեմաները, բայց ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ծաղիկներու առէջները անջատուելով ծաղիկէն  եւ ստանալով կերպ ու երանգ սկսած են թեւածել երբեմն վերածուելով թռչուններու: Այսպէս Ռոզվարդի գծապատկերները մինչեւ վերացականութեան կը  հասնին: Հերկելեան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց անոր «Պուրճ Համուտի շուկան» պատկերը, ուր պայծառ գոյներով եւ գիծերով կը պատմէ նախկին շուկայի մասին, որպէսզի նոր սերունդը լաւապէս ճանչնայ Լիբանանը:

IMG_0144Հերկելեան յիշեց նաեւ, որ ան ցուցահանդէսներ ամբողջութեամբ բարեսիրական նպատակներու իրականացման համար նուիրած է: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Նիքոլ Հարֆուշին, որ ստորագրած է  բազմաթիւ յօդուածներ` լիբանանահայ արուեստագէտներու եւ մշակոյթի գործիչներու  մասին պատմող:

Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նկատել տուաւ, թէ վերջին հինգ տարիներուն Ռոզվարդ Սիսեռեանը արդէն մնայուն ներկայութիւն մըն է ցուցասրահի գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ միշտ մօտէն հետեւած է եւ հիմնական ներդրում ունեցած Համազգայինի Լիբանանի շրջանի կերպարուեստի գործունէութեան մէջ, ապա` բարձր գնահատեց զինք, որովհետեւ հայութեան տագնապներով եւ պահանջներով շնչող արուեստագէտ է, նոյն ատեն իր անկեղծ խօսքը ունեցող:

Հաւաթեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց գեղանկարիչին` գնահատելով անոր բազմամեայ ներդրումը գաղութի զարգացման եւ վերելքին եւ յատկապէս Համազգայինի ցուցասրահի յառաջընթացի գործին մէջ, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանը, որպէսզի Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրէ գեղանկարիչ Ռոզվարդ Սիսեռեանը, որ իր բարձրորակ արուեստով, վաստակաւոր մանկավարժի կոչումով եւ բարեսիրութեամբ միշտ ալ թիկունք կանգնած է Համազգայինին եւ այդ ճամբով հայ մշակոյթին:  Աւարտին սրտի խօսք արտասանեց նաեւ «Ալպա» համալսարանի գեղագիտական փիլիսոփայութեան փրոֆեսէօր Ժոզեֆ Ապու Ռըզքը, որ իր հերթին շնորհաւորեց Ռոզվարդ Սիսեռեանը` արժեւորելով անոր վաստակը եւ արուեստի աշխարհի խորհրդաւորութիւնը:

Պէտք է յիշել, որ պատկերուած 22 գեղանկարները առինքնող եւ հոգեպարար են, աչքի կը զարնեն իրենց գոյներով, գիծերով եւ առաւելաբար կը յատկանշուին վերացապաշտ արտայայտչականութեամբ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի, 16 օգոստոս 2014, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան 6:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )