Կրթութեան Նախարարը Կ՛որոշէ Վկայագիրներ Յանձնել, Իսկ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Մերժէ
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք որոշած է պետական քննութեան ներկայացող բոլոր աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնել` աւելցնելով, որ իր այդ որոշումը 48 ժամ ետք ուժի մէջ կը մտնէ:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք սխալած է, երբ յայտնած է, թէ վկայագիրներ տալու մտադիր չէ, սակայն խորքին մէջ ինք փափաքած է Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին զօրաւոր խաղաքարտ տալ:
Նախարարը ըսաւ, որ եթէ 48 ժամուան ընթացքին կարելի ըլլայ աւելի լաւ որոշումի մը յանգիլ, ապա ինք պատրաստ է իր որոշումը յետս կոչելու:
«Ինծի համար կարեւոր է աշակերտներուն համալսարան մուտքն ու բարձրագոյն ուսում ստանալը, իսկ աշխատավարձի յաւելումները ուշ կամ կանուխ պիտի վաւերացուին», շեշտեց Ապու Սաապ:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը անմիջապէս մերժումով պատասխանեց կրթութեան նախարարին որոշումին:
Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ պետական քննութիւններուն համար տրուող վկայականներուն` աւելցնելով, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ կրթական գրասենեակներուն միջեւ կայ համաձայնութիւն մը, որ վկայականը համազօր է երկրին գերիշխանութեան:
Ղարիպ կառավարութենէն պահանջեց կասեցնել կրթութեան նախարարին կողմէ աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնելու որոշումը: Ան աւելցուց, որ խորհուրդը կառչած կը մնայ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իր որոշումին, մինչեւ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:
Ղարիպ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարողը պէտք է փութայ վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումները, որովհետեւ անոնցմէ ամէնէն աւելի պիտի օգտուի լիբանանեան բանակը:

