Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Դեսպաններուն

Arm-National-CommitteԼիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ անջատ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, անոնց փոխանցելով վերջին օրերուն ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ իր տեսակէտները` պահանջելով, որ միջազգային ընտանիքն ու Մինսքի խմբակը յաւուր պատշաճի անդրադառնան Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն, որոնք կը վտանգեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը: Մարմինը վերջին իրադարձութեանց համար մեղադրեց միջազգային ընտանիքը, որ նախապէս արձանագրուած նմանօրինակ միջադէպերու նկատմամբ գտնուած է անտարբեր եւ հակազդելու պարագային կողմերը դրած է հաւասար նժարի վրայ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Մինսքի խմբակէն եւ համանախագահող երկիրներէն պահանջեց վերջ տալ այս մօտեցումին:

Մարմինը Հակազդեց Լիբանանեան Կարգ Մը
Թերթերու Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի
Հանրապետութեան Սխալ Բնութագրումին

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անջատ նամակներով հակազդեց լիբանանեան «Ախպար», «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» եւ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն մասին լրատուութեանց մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «անջատողական շրջան» բնութագրումին:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը օրաթերթերու խմբագրապետերուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն մըն է, որուն ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը 1991-ի հանրաքուէին ընթացքին արտայայտուած է ի նպաստ անկախութեան` Խորհրդային Միութեան ներքին կանոններուն եւ միջազգային օրէնքի հիմնաքար հանդիսացող ինքնորոշման օրէնքին հիմամբ` այդպիսով արտայայտելով բռնաճնշումներէ եւ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն ընթացքին յստակօրէն ի յայտ եկած ցեղասպանութեան շօշափելի վտանգէն ազատ ապրելու իր կամքը: Այդ կամքը վերահաստատուեցաւ 2006-ին, որդեգրումովը պետութեան սահմանադրութեան, որ եկաւ ամրապնդելու երիտասարդ հանրապետութեան ժողովրդավարական կառոյցները: Մարմինը նաեւ յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն մաս կազմած է Հայաստանի եւ Ստալինի քմահաճոյքով իբրեւ ինքնավար մարզ կցուած է 1918-ին ստեղծուած եւ նախքան այդ գոյութիւն չունեցած Ազրպէյճանին:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ընդգծեց. «Վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ողբերգական դէպքերը հետեւանքն են Պաքուի նախայարձակումին: Վերջինս կը թուի որոշած ըլլալ Ազրպէյճանի նախագահին երկարատեւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը գործի վերածել»:

Մարմինը օրաթերթերուն յորդորեց մեքենայաբար չընդօրինակել միջազգային լրատու գործակալութեանց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնները, մանաւանդ անոնք, որոնք Պաքուէն յղուած են, որովհետեւ այդ լրատու գործակալութիւնները յաճախ արհեստական ջանքով մը կը փորձեն անկողմնակալ ու հաւասարակշռուած երեւիլ եւ այդպիսով կ՛աղաւաղեն ճշմարտութիւնը, որքան ալ յստակ ըլլայ այդ: Մարմինը նաեւ յորդորեց չորդեգրել տեղեկատուութիւնը ազրպէյճանական վարչակարգին, որ մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութիւններու վկայութեամբ բռնատիրական ու փտած է, իր քաղաքացիներուն իրաւունքները կը բռնաբարէ եւ մամուլին նկատմամբ բռնաճնշում կը կիրարկէ:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յոյս յայտնեց, որ վերոնշեալ օրաթերթերը այսուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին լուրերու պատրաստութեան ընթացքին նկատի կ՛ունենան վերոնշեալ փաստերը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )