Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (15 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

lebanon-vs-iran-waba-u15Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանը աւարտեցաւ, երբ Լիբանան իր կատարած վերջին մրցումին 69-66 արդիւնքով (22-19, 34-35, 43-49 եւ 66-69) պարտութիւն մը կրեց Իրանէն:

Իր կրած այս պարտութեամբ Լիբանան գրաւեց երրորդ դիրքը` Իրանի եւ Իրաքի ետին:

Բ. հանգրուանի մրցումները (դարձ), Ա. հանգրուանի մրցումներ կատարած խումբերուն միջեւ, տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի:

Առաջին երեք դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:

Share this Article
CATEGORIES