ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահը եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Լիթվինը:

Ողջունելով հիւրը` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ասիկա արդէն երկրորդ հանդիպումն է Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահին հետ, ինչ որ կը վկայէ երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու եւ զանոնք որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու փոխադարձ ցանկութեան մասին: Նախագահ Սարգսեան յոյս  յայտնեց, որ Լիթվինի այցելութիւնը լրացուցիչ խթան հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման համար:

Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահը բաւական արդիւնաւէտ  նկատեց հայաստանեան իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումները: Ան տեղեկացուց նախագահ Սարգսեանին, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ղեկավարութեան եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու ղեկավարներուն հետ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ խորհրդարաններու մակարդակով սերտօրէն համագործակցելու նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Վիքթոր Եանուքովիչի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ` ի նպաստ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանականներու համագործակցութիւնը միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES