Մալխասէն Փոխանցուած Կայծեր…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Sharoyan_malkhasԱրժանթինաբնակ ողբացեալ գրող Պետրոս Հաճեան տասնամեակներ առաջ գրուած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը յիշէր, թէ դպրոցական դասագիրքերէ դուրս` իր կարդացած առաջին գիրքը Մալխասի «Զարթօնք» վիպաշարն էր:

Հաճեան կը պատմէր, թէ իր սերունդը (ան ծնած էր 1933-ին), պատանի կամ երիտասարդ տարիքին, հայրենիքը շօշափելիօրէն զգալու հնարաւորութիւն չունեցաւ. ուստի, այդ բացակայ հայրենիքը փնտռեց քարտեսներու վրայ, գիրքերու մէջ, գաղափարական համոզումներու  ճամբով…

Մալխասի «Զարթօնք»-ը, ըստ Հաճեանին, հայրենիքի շունչը ներարկող աղբիւր մը եղաւ իրեն համար, վճիտ ներշնչարան մը: Կարդաց զայն յափշտակութեամբ, տրտմութեամբ, խանդավառութեամբ: Ու այս գիրքէն իր ստացած տպաւորութիւնները տարիներու երկայնքին բնաւ չմթագնեցան, ընդհակառա՛կն, խռովիչ ներթափանցումով մը գացին ու հանգչեցան իր զգացումներուն յատակը կամ իր հոգիին ծալքերուն մէջ, այնտեղ մնացին անաղարտ ու անմշուշ…

Սփիւռքի աւելի կրտսեր սերունդէն այլ ներկայացուցիչ մը` հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան (ծնունդով լիբանանահայ, այժմ` Աթէնք), իր յօդուածներէն մէկուն մէջ նմանապէս կը նշէր, թէ Մալխասի «Զարթօնք» վէպին հերոսները երկար ատեն գերեցին իր պատանեկան երեւակայութիւնը: Վէպը «բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար: Բառին ամէնէն վաւերական իմաստով` փուռէն նոր դուրս ելած տաք հացի պէս լափեցինք այդ գիրքը», կը գրէ ան:

Իրապէս, «Զարթօնք»-ը փոթորկած է շա՜տ շատերու հոգին, յաջողեր է արծարծել բազմութիւններու հայրենասիրական մաքուր զգացումները…

Կարելի է հաստատապէս պնդել, թէ անցեալ դարու 30-ական թուականներէն սկսեալ (երբ Պոսթընի «Հայրենիք»-ի տպարանէն իրերայաջորդ կերպով լոյսին եկան «Զարթօնք»-ի չորս հատորները) մինչեւ 80-ական թուականներ Մալխասի վիպաշարքը իր ետեւէն քաշեց-տարաւ մեծաթիւ ընթերցողներ: Ի զուր չէ, որ «Զարթօնք» բախտն ունեցաւ արժանանալու երկու յաւելեալ վերատպութիւններու Պէյրութի մէջ, նախ` 1956-ին, յետոյ ալ` 1988-91-ին, միշտ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ: Վերահրատարակութիւններ կատարուեցան նաեւ Թեհրանի մէջ:

Հալէպի մեր ազգային վարժարաններէն ներս, հինէն ի վեր, ուսուցիչներ բարի աւանդութեան վերածած էին իրենց աշակերտներուն Մալխաս կարդալ` իբրեւ դիւրամատչելի ու «ներչնչող» գրականութիւն: Այս աւանդութիւնը հետեւողականօրէն շարունակուած է շուրջ կէս դար: Սուրիական խորհրդարանի երբեմնի երկարամեայ երեսփոխան Գրիգոր Էպլիղաթեան (1924-2010) իր յուշերու գիրքին մէջ կը վկայէ, թէ 30-ական թուականներուն Հայկազեան վարժարանի իրենց հայերէնաւանդ ուսուցիչը` Եդ. Տասնապետեան, դասարանին մէջ յաճախակի ընթերցումներ կը կատարէր նորատիպ «Զարթօնք»-էն…:

Աւելի քան 40 տարի անց, 70-ական թուականներու վերջերը, երբ  միեւնոյն վարժարանի  Ե. կարգի աշակերտներ էինք, Մալխասը դեռ ի պատուի էր դպրոցական մեր ապրումներէն ներս: Անգլերէնի մեր դասատուն` Սալբի Տէր Յակոբեան (այժմ` մահացած), շաբաթը անգամ մը, ազատ պահերուն, կը հաւաքէր մեզ իր շուրջ, դասարանը, ու «Զարթօնք»-էն հատուածներ կը կարդար երկա՜ր-երկա՜ր: Յստակօրէն կը յիշեմ, որ բոլորս ալ հետաքրքրութեամբ եւ անձանձրոյթ կը հետեւէինք ատոր: Այլ վարժարաններու աշակերտներ եւս ունին նոյնանման վկայութիւններ:

Դասարանային ընթերցումները, անկասկած, գրգիռ եղան, որ հետագային ակումբի գրադարանէն ապահովեմ Մալխասի հատորները ու ծայրէ ծայր կարդամ:

Հազիւ 15 տարեկան էի: Թէ՛ ցերեկը, թէ՛ գիշերը, քնանալէ առաջ, անպայման կը շարունակէի տասնեակներով էջեր լափել 1600 էջանի իմ այս արտասովոր «թերթօն»-էն` մերթ յուզուելով, մերթ մղկտալով, մերթ փղձկելով… Ամբողջ աշխարհ մըն էր այդ վէպը, որուն դիւցազնատիպ հերոսները` Վարդանը (յետոյ անուն փոխեց ու դարձաւ Լեւոն, նշանաւոր` իր երեսի պալարներով…), Սոնիան, Առիւծ Գեւոն, Թոփալ Սատանան, Եւգինէն ու Քաչալը կը կախարդէին զիս, նոյնիսկ չէին արտօներ, որ քնանամ… «Կրակէ շապիկ» հագած ֆետայիներու կեանքը խոր տպաւորութիւն կը գործէր իմ վրայ: Անոնց պարզ ու հպարտ կեցուածքը, անձնազոհ ոգին, այլասիրութիւնը  կը վարակէին զիս…

Իսկ հիմա՞… Սփիւռք ծնած Գ. սերունդը «Զարթօնք» կը կարդա՞յ, կամ եթէ կարդայ, կը խանդավառուի՞ Վարդանի, Քաչալի կամ Առիւծ Գեւոյի տիպարներով…

Վստահաբար` ՈՉ: Սփիւռքը դիմագիծ ու ճաշակ փոխած է: Արդէն, այս իմաստով, վիհ մը գոյացած է սփիւռքածին Բ. ու Գ. սերունդներուն միջեւ: Ու պէտք է խոստովանիլ, որ այդ վիհը ոչ ոք կրցաւ լեցնել, ո՛չ ակումբները, ո՛չ ալ երիտասարդական կամ պատանեկան միութիւնները:

Շուրջ տարի մը առաջ կը յիշեմ տեղ մը կարդացած ըլլալ, թէ «Զարթօնք»-ի շարքը անգլերէնի ալ թարգմանուեր էր: Անգլիախօս բազմութիւններու վրայ ինչպիսի՞ տպաւորութիւն գործեց, հետաքրքրական է իմանալ:

Քանի որ Մալխասը յիշեցինք, տանք քանի մը գիծեր իր կենսագրութենէն.

Մալխաս, բուն անունով` Արտաշէս Յովսէփեան, ծնած էր Տրապիզոն: Շրջան մը ուսանեցաւ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը: Կանուխէն խառնուեցաւ յեղափոխական գործերու, պատասխանատու դերեր ստանձնեց Մակուի (Իրան) եւ Վանայ շրջաններուն մէջ: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն կամաւորական գունդերու կազմութեան ալ նպաստեց, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աշխատանքներուն: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք անցաւ Ամերիկա ու հաստատուեցաւ Նիւ Եորք: Նախկին հայդուկը վերածուեցաւ շնորհալի գրողի մը: Աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին, գրի առաւ իր փոթորկոտ կեանքին շահեկան յիշատակները`«Ապրումներ» վերնագրին տակ: «Զարթօնք» վիպաշարը, սակայն, դարձակէտ մը հանդիսացաւ իր կեանքին մէջ: Մալխաս դարձաւ գաղափարականի մը առաքեալը, առասպելական դէմք մը` իր նոյնքան առասպելատիպ հերոսներով…

Միշտ մնաց զուարթամիտ ու զուարթախօս: Սիրեց յաճախակիօրէն ճամբորդել, մասնաւորաբար` դէպի Միջին Արեւելքի գաղութները, ուր դիմաւորուեցաւ իբրեւ «հին պահակագունդ»-ի վերջին շառաւիղներէն մէկը: 1956-ին Պէյրութ եկաւ առաջին անգամն ըլլալով ու հոն մնաց մօտ ութ ամիս` այցելելով մերձակայ գաղութներ ալ: Այս առթիւ է, որ Լիբանանի մէջ թէ՛ նշուեցաւ իր յոբելեանը, թէ՛ ալ վերահրատարակուեցան իր գրքերը:

1961-ին դարձեալ Պէյրութ եկաւ` իր անտիպ գործերուն տպագրութիւնը յաջողցնելու նպատակով: Բայց, ճակատագրի անիմանալի մէկ խաղով, իր աչքերը հո՛ն փակեց, 1962-ի տարեսկիզբին, 85  տարեկանին…

Հալէպ                 

Share this Article
CATEGORIES