Հատրութէն Կամաւորներ Մեկնած Են Ռազմաճակատ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հատրութի շրջանի ազատամարտիկներէ կազմուած կամաւորական խումբը այժմ կը գտնուի ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի առաջնագծին:
Հատրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան կամաւորական խումբին հետ միասին մեկնած է առաջնագիծ:
«Երկիր.ամ»-ի հետ զրոյցին Հատրութի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան նշած է, որ հասկնալի պատճառներով շատ տեղեկութիւն չի տար, սակայն նշած է, որ ինք այս պահուն կամաւորական խումբին հետ կը գտնուի դիրքեր: Կամաւորները եղած են Հատրութի շրջանի Առաքել, Տող, Թաղեր եւ այլ գիւղերէ:
CATEGORIES Հայ Դատ

