Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն յայտագիրը:

Մրցումները կը սկսին երեքշաբթի, 12 օգոստոսին:

Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտական մրցումի իր տոմսը:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ ԺԱՄ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ 19:00
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Արապի 20:30
ՈՒՐԲԱԹ, 15 ՕԳՈՍՏՈՍ  
Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ – ՀՄԸՄ Պէյրութ 19:00
Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 21:30
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ  
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Արապի 19:00
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ 21:30

ՆՇԵՆՔ, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

Share this Article
CATEGORIES