Բարեպաշտ Եւ Բարեսէր Տիգրանուհի Չիւքիւլեանի Յիշատակին
Հայաշէնի մէջ ամէն մարդ կը ճանչնայ զինք:
Տիգրանուհի Չիւքիւլեան բախտաւոր եւ անբախտ եղած է միեւնոյն ատեն: Ծնած է համեստ, բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ: Փոքր տարիքէն կը սիրէր եկեղեցին եւ աղօթքը: Երբ մայրը Տիգոն կորսնցնէր, զայն անպայման եկեղեցւոյ մէջ կը գտնէր, բայց ճակատագիրի խաղը եղաւ այնպէս, որ ան ակամայ հեռացաւ իր սիրած եկեղեցիէն:
Ընտանիքին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր կացութեան պատճառով, ծնողքը ստիպուած զայն ուղարկեց Երուսաղէմ, ուր կ՛ապրէր իրենց ազգականը: Վերջինը խոստացաւ Տիգոն դպրոց արձանագրել, սակայն խոստումը չյարգելով աղջիկը օգտագործուեցաւ իբրեւ ծառայ: Այսպիսով Տիգրանուհի Չիւքիւլեանի երազը մնաց անկատար: Տարիներ ետք, մինչ Պէյրութէն ազգական մը կը գտնուէր Երուսաղէմ, կը տեսնէ Տիգոյին վատ վիճակը, կը համաձայնի անոր հետ եւ զայն կը վերադարձնէ Պէյրութ` միանալու իր ընտանիքին: Մինչ այդ Տիգոն բաւական խելահաս եղած էր, տարիները ի զուր թաւալած էին եւ ան չէր կրնար երազն ու ուսում ստանալու տենչը իրականութիւն դարձնել:
Բայց բախտը որոշ չափով կը ժպտի անոր, կը վերադառնայ իրեն համար շատ սիրելի եկեղեցի, կը սկսի ինքնաշխատութեամբ այբուբեն սորվիլ եւ Ս. Գիրք կարդալ: Ան ինքզինք այնքան կը զարգացնէ եւ կը նուիրուի եկեղեցւոյ, որ աղօթքներուն ու շարականներուն մեծամասնութիւնը անգիր կը սորվի եւ ամէն կիրակի, առանց բացառութեան, ներկայ կը գտնուի Ս. պատարագին:
Բախտը կ՛ունենայ լաւ ընտանիքի մը մօտ ծառայելու եւ անոնց առատաձեռնութիւնը վայելելով ճամբորդել Անգլիա, Հայաստան եւ Երուսաղէմ, բայց այս անգամ ուխտի:
Տիգոն շատ առատաձեռն ու բարեսիրտ էր, կ՛օժանդակէր տկարին ու ծերունիին, իրմէ աւելի կարիքաւորին կ՛օգնէր առանց տատամսելու:
Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին եւ ԼՕԽ-ին հանդէպ մեծ սէր ունէր, ներկայ կ՛ըլլար բոլոր ձեռնարկներուն, կը քաջալերէր անոնց տարած նուիրեալ աշխատանքը:
Իր 80-ամեակին առիթով մեծ եղաւ ուրախութիւնը, երբ ԼՕԽ-ի ձեռնարկ-հաւաքի մը ընթացքին 80 թիւը կրող կարկանդակով մը անակնկալ պատուըւեցաւ իրենց կողմէ:
Տիգոն շատ բարի սիրտ ունէր, այդ պատճառով ալ Աստուած միշտ բարի մարդիկ կը հանէր դիմացը, մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը Տիգոն եղաւ Հայաշէնի ամէնէն սիրուած եւ շփացած ծերունին:
Յիշատակդ վառ մնայ եւ հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Տիգօ:
ՎԵՐԺԻՆ ԲԱՆԻԿԵԱՆ

